Ռուսիա դիմեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ խնդրելով պաշտօնապէս հաստատել եւ պարզաբանել Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զատուլինի եւ «Russia Today» պատկերասփիւռի կայանի ղեկավար Մարգարիտա Սիմոնեանի Հայաստան այցելելու արգելքին մասին լուրերը: 27 Հոկտեմբերին այդ մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Մենք այդ հաղորդագրութիւնները տարակուսանքով ընդունեցինք, յիշեցնեմ՝ խօսքը երեսփոխանի եւ ռուսական լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիրի մասին է: Դիւանագիտական խողովակներով անմիջապէս դիմեցինք հայկական կողմին պաշտօնապէս հաստատելու եւ պարզաբանելու համար: Հաստատուելու պարագային, դժուար է զայն նկատել իբրեւ մեր յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթին համապատասխանող բարեկամական քայլ», յայտնեց Զախարովա:
Ան նշեց, որ Ռուսիա իր արձագանգը պիտի ճշդէ այդ լուրերը հաստատուելէ ետք, երբ Երեւանէն պաշտօնական պատասխան ստանան:
Ըստ Զախարովայի՝ Զատուլին եւ Սիմոնեան աւանդաբար հանդէս կու գան դաշնակցային երկկողմանի կապերը եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները բազմակողմանի ձեւով ամրապնդելու օգտին:
«Ես իսկապէս անոնցմէ այլ բնոյթի յայտարարութիւններ չեմ լսած: Կասկած չկայ, որ անոնք հանդէս կու գան ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման համահունչ, երբեք չէ եղած եւ, ըստ ինծի, չի ալ ըլլար տարբեր բան», յայտարարեց Զախարովա: