Արցախի համար Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերող Ռուսիոյ ներկայացուցած առաջարկները ընդունելի են: Այս մասին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ ռուսական առաջարկները կ՛արձանագրեն, թէ կայ հակամարտութիւն, որ պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով, մինչդեռ արեւմտեան փաստաթուղթը զիրենք կը զրկէ ինքնորոշման միջազգային իրաւունքէն եւ արցախցիները կը ներկայացնէ իբրեւ ցեղային փոքրամասնութիւն:
«Էդպես էլ կայ, այսինքն գոյութիւն ունեցող առաջարկութիւնների մէջ մեր համար ընդունելի տարբերակը Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից ներկայացուած առաջարկութիւններն են, որով բանակցային գործընթացը ֆիքսում (կը հաստատէ) է, որ կայ հակամարտութիւն, պէտք է բանակցային գործընթաց տեղի ունենայ: Այսինքն՝ խաղաղ ճանապարհով, բանակցային գործընթացով հարցի վերջնական կարգաւորում ունենայ», նշեց Յարութիւնեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ այդպիսով կը մերժե՞ն մամուլին մէջ շրջանառուող փաստաթուղթը, որ կը ներկայացուի իբրեւ արեւմտեան առաջարկներ ամփոփող՝ պատգամաւորը ըսաւ. «Այո՛, այնտեղ նշուած է, որ ներկայացուցիչներ են նշանակւում որպէս էթնիկ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ՝ ի սկզբանէ նախապայմանով, որ քննարկւում է իրաւունքների ու անվտանգութեան հարցերը Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում: Այստեղ նաեւ իրաւական լուրջ խնդիր կայ, երկու պետութեան մէջ կնքւում է խաղաղութեան պայմանագիր, որտեղ ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը ոտնահարւում է»:
Արցախի խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերը Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին կը նախատեսեն գումարել արտակարգ նիստ մը եւ հանրահաւաք մը, ուր Արցախը, ըստ իշխող խմբակցութեան ղեկավարին, միջազգային բոլոր դերակատարներուն, որոնց կարգին Հայաստանին պիտի ներկայացնէ իր յստակ դիրքորոշումը, մասնաւորապէս շեշտելով, որ Արցախ ոչ մէկ պարագային Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի ըլլայ: Ըստ Յարութիւնեանի՝ հանրահաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ արցախցիները ուղիղ կապով պաստառնելով պիտի հետեւին նիստին: Պատգամաւորները պիտի որդեգրեն յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով պիտի պահանջեն Հայաստանի իշխանութիւններէն՝ Արցախի հարցը չփակել եւ Արցախը չբռնակցել Ատրպէյճանին:
«Այն իշխանութիւնները, որոնք փորձում են Արցախը բռնակցել Ադրբեջանին, յստակ Արցախն իր ձայնը կը հնչեցնի, իր դիրքորոշումը կը յայտնի, եւ այդ դիրքորոշումը պարտաւոր են այսօրուայ հայաստանեան իշխանութիւնները առանց երկմտելու շարժուել այդ դիրքորոշմամբ, որ Արցախի հարցը մէկընդմիշտ չփակեն՝ գնալով հաւաքական Արեւմուտքի կապիտուլեացիոն (անձատուական) փաստաթուղթը ստորագրելուն», նշեց Գալստեան:
Ան նշեց, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին տեղեակ պահած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, վերջինն ալ իրենց փոխանցած է այս տեղեկութիւնը: Նոյնը նաեւ իրենց հետ հանդիպման ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Հայաստանի իշխանութունները չեն հերքեր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ կան տարբեր առաջարկներ, սակայն Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 26 Հոկտեմբերին վստահեցուց, որ սեղանին չկայ որեւէ փաստաթուղթ, որուն պաշտօնական Երեւան հաւանութիւն տուած է:
Իշխանութիւնները վերջին շրջանին նաեւ յստակօրէն կը յայտարարեն, որ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ Արցախի մասին յիշատակում պիտի չըլլայ:
Artsakh has the right for self determination. If Armenia gives up that right now and signs a peace treaty, they will never have the legal right to reclaim Artsakh in the future.
Same mistake was made in 1992 when Armenia signed the agreement with all former soviet republics, To gain independence with existing borders, without mentioning Artsakhs STATUS. What happened next is they gave up the legal right for Artsakhs independence and Azerbaijan kept the legal right to Artsakh lands within its territory.
Armenia should not repeat same mistake!!