ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը տեղի պիտի ունենայ 28 Հոկտեմբեր 2022ին, որուն ընթացքին նախատեսուած է քննարկել 15 Սեպտեմբեր 2022ին, խորհուրդի որոշումով, Հայաստան ուղարկուած ՀԱՊԿի առաքելութեան աշխատանքին արդիւնքները՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման առնչութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»:
Կը նախատեսուի նաեւ քննարկել Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերը:
Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 27 Հոկտեմբերին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ՀԱՊԿի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի նախապատրաստական աշխատանքները եւ յառաջիկայի բարձր մակարդակի կապերը: Նախարարները քննարկեցին նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու շարք մը այժմէական հարցեր: