ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
Քսանմէկերորդ դարու արշալոյսին, երբ մեր Երկիր մոլորակը աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններու եւ կացութիւններու առջեւ կանգնած է, գրեթէ անհնար դարձած է ինքնամփոփ, ինքնաբաւ եւ բացարձակապէս անկախ, անջատ ու կտրուած կամ անհաղորդ ապրիլ եւ գոյատեւելաշխարհի փոքր ու մեծ պետական կառոյց ունեցող երկիրներէ՝ ըլլան անոնք ճարտարապետական եւ գիտատնտեսական բարձունք նուաճած գերարդիական հզօր պետութիւններ, միջին կամ նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող սահմանադրական կարգ ու կառոյց ունեցող կառավարութիւններ, բազմադարեան հին ու նոր ազգեր։ Մշակոյթներ, եթէ դեռ եւս յամառին մնալ իրենց պատեաններու մէջ ծուարած ու ներամփոփ քաղաքականութիւն վարել՝ չեն յաջողիր:
Այսօրուան աշխարհը դէպի համաշխարհայնացում կ՛ընթանայ եւ մենք կարողութիւնը եւ միջոցները չունինք առաջքը առնելու, կասեցնելու կամ այդ ընթացքը դանդաղեցնելու: Հաւանաբար մեր պարագային, լաւագոյն ուղին պիտի ըլլայ, խուսափելով հանդերձ նոր կարգերու պարտադրանքներէն եւ համաշխարհայնացումի բացասական կողմերէն՝ Հայաստանի կառավարութիւնն ու Սփիւռք դարձած արտերկրի հայութիւնը, իմաստութիւնն ու հնարամտութիւնը պէտք է ունենան օգտուելու անոնց ընձեռած բազմակողմանի առաւելութիւններէն: Այլ խօսքով՝ ընկերային, գիտատնտեսական, մշակութային, քաղաքական, գաղափարախօսական համակարգերու նկատմամբ քննադատական, մերժողական մօտեցում ճշդելով հանդերձ, պէտք է գործել այնպէս, որ կարելի ըլլայ նոր արժէքներէն, աշխարհահայեացքներէն, ըմբռնումներէն եւ արժէչափերէն պիտանին ու օգտակարը ընտրել եւ ընթանալ այն ուղիներէն, որոնք կը նպաստեն մեր հոգեւոր-ազգային ինքնութիւնը անեղծ, իսկ մշակութային ժառանգութիւնը ինքնուրոյն ու անվթար պահելու:
Ճիշդ է, որ Հայաստան եւս համաշխարհայնացումի վտանգաւոր փոթորիկներէն կ՛ազդուի եւ պիտի ազդուի, սակայն, հայրենիքին ընձեռած պայմաններն ու առաւելութիւնները՝ հողն ու ջուրը, համախումբ կեանքն ու երգը, վիշտերն ու ուրախութիւնները, աւանդութիւններն ու տոհմիկ սովորութիւնները, հայրենասիրութիւն ներշնչող եւ ոգեկանութիւն առթող ընդհանուր մթնոլորտ կը ստեղծեն եւ բնականօրէն ու առանց մեծ ճիգերու, հայ մարդու տիպարը կը կազմաւորեն, ինչ որ անհնար է եւ վերոնշեալ տուեալներու հետ չեն բաղդատուիր արտերկրի կամ Սփիւռքի տարածքին զանազան երկիրներու, ոստաններու, պետական-քաղաքական տարբեր կառոյցներու, քաղաքակրթութիւններու, ազգերու եւ խայտաբղէտ մշակոյթներու հովանիին ներքեւ ապրող հայ համայնքներու եւ բեկորներու պարագաներուն հետ: Սփիւռքը իւրայատուկ է եւ բնականաբար՝ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դառնալու է եւ սփիւռքեան ինքնութիւնը պահելով հանդերձ՝ հարկ է ուծացումէ, օտարացումէ, այլասերումէ եւ վերահաս ձուլումէ փրկել:
Ներկայ ժամանակներուն, հայ անհատներու, ընտանիքներու եւ զանգուածներու հայեցի նկարագիրը գրեթէ աղաւաղուած, ընտանեկան սրբութիւններն ու նահապետական աւանդութիւնները ոտնահարուած, քրիստոնէական հաւատքի վեհ սկզբունքներէն ուծացած, ազգային առողջ գիտակցութենէ եւ հայրենասիրութենէ պարպուած՝ ըլլայ հայրենիքի բայց մանաւանդ արտերկրի հայութիւնը, համազգային ողբերգութեան համազօր տագնապալի ժամանակաշրջանի մէջ կ՛ապրի, ուր բացորոշ ժանտախտի են վերածուած եսասիրութիւնն ու շահատակութիւնը, հաճոյասիրութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը, այլասիրութիւնն ու օտարամոլութիւնը եւ ընդհանուրին մօտ կը տիրէ համայնական անտարբերութիւն, ապականած բարքեր, բարոյական խաթարումներ, սնապարծ ու բարոյազուրկ «ղեկավարութեանց» խեղճութեան հասնող անհեռատեսութիւն, համազգային տեսիլքէ պարպուած կազմակերպութիւններ:
Այլ խօսքով՝ բոպիկութիւն, փոքրոգիութիւն, մակերեսայնութիւն, անտարբեր պաղ վերաբերմունք կը տիրէ առհասարակ մեր ազգային, եկեղեցական, մշակութային, կրթական բոլոր մարզերէ եւ բնագաւառներէ ներս: Ու պահ մը, որպէս տագնապող դաստիարակ, կրթական մշակ ու հայութեամբ մտահոգ ոեւէ դասակարգի, պաշտօնի եւ կոչումի կամ ասպարէզի պատկանողներ, երբ կը փորձուինք հարցադրելու եւ պատճառներն ու ներկայ կացութեանց տուն տուող պայմաններու եւ պարագաներու մասին եզրահանգիչ ու բացորոշ գաղափար մը կազմելու՝ մեր առջեւ մերկ ճշմարտութիւնը իր ամբողջ հասակով կանգնած կ՛աղաղակէ. «Որպէս ազգ, պետութիւն եւ եկեղեցի թերացած էք եւ հարիւր տարիով ուշացած էք ձեր ծրագրումի աշխատանքներու պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց մէջ»:
Անշուշտ ներկայ մեր այս անմխիթար կացութիւնը այսօր չգոյացաւ, ոչ ալ անցեալ տարի կամ տասնեակ մը տարիներ առաջ քաղաքական կամ տնտեսական պայմաններու բերումով ստեղծուեցաւ, -թէեւ աշխարհաքաղաքական պայմաններն ու հայութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական թէ վերապրումի գերմարդկային ճիգերը, դժուարութիւնները, վերահաս վտանգներն ու տագնապները ունեցան իրենց բախտորոշ եւ ժխտական անդրադարձները, հայու հաւաքական պայքարը, վերապրելու կամքը դարբնելու, նկարագիրը եւ ինքնութիւնը վերակերտելու եւ ձեւաւորելու մէջ-, այլ քառորդ, կէս կամ նոյնիսկ դարաշրջանէ մը աւելի հին եւ խոր արիւնալի վէրք իբրեւ՝ թարախոտեցաւ եւ այսօր մահասփիւռ հայասպան ժահրի վերածուեցաւ:
Այսօր, հայ եկեղեցիները դատարկուած են եւ բացի տօնական կամ հարկադրաբար պսակի, կնունքի թէ թաղման առիթներով միայն նստարանները կը գրաւուին, իսկ հասարակ Կիրակի օրեր, բախտաւոր են այն եկեղեցիները, որոնք ննջեցելոց հոգւոց համար մէկէ աւելի հոգեհանգստեան արարողութիւն կ՛ունենան: Անմարմին մեր մեռելները կը լեցնեն այլապէս որբ հայ եկեղեցիները:
Երբ այսօր, հայ ծնողներ զանազան պատճառներով եւ նկատառումներով կը զրկեն իրենց զաւակները հայ վարժարանէ եւ հայեցի դաստիարակութենէ՝ կը նշանակէ, որ տեղ մը, բան մը սխալ կայ: Թերացումները ուրիշի չվերագրենք: Ոչ ալ սխալներն ու բացթողումները ուրիշ տեղ կամ այլ մոլորակներու վրայ փնտռենք, այլ՝ բոլորին, բոլորի՛ն արմատական պատճառները մենք ենք ու բնական հետեւանք մեր հաւաքական անտարբերութեան, ապիկարութեան ու անհեռատեսութեան:
Երբ այսօր, հայ եկեղեցիները դատարկ են, բարեսիրական, մշակութային, երիտասարդական թէ այլ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մարդուժի պակասէ ու նոր աւիւնէ կը տագնապին եւ չեն կրնար կամ չեն յաջողիր զանգուածները զօրաշարժի ենթարկել՝ կը նշանակէ, թէ ժանգոտած զէնքերով եւ հին ռազմավարութեամբ ու մեթոտներով կը յամառին նորօրեայ պատերազմ մղել:
Երբ երեխայի մը ծնողները անտարբեր ու անգիտակից են, երբ պատանի եւ երիտասարդ՝ մակերեսային, թուլասիրտ ու անհոգ են, ուծացած եւ այլասերած են, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ զոհաբերումի ոգի չունին՝ կը նշանակէ, որ աւերը երեք չորս սերունդներ առաջ արդէն գործուած է, իսկ ներկայի պատկերը անոր բնական արդիւնքներն ու հետեւանքներն են:
Պահ մը դեր փոխելով՝ մենք զմեզ ներկայ արդի ժամանակներու ծնողաց, պատանիներու, երիտասարդներու տեղը դնենք ու անոնց ապրած միջավայրին եւ պայմաններուն թելադրած աչքերով դիտենք աշխարհը, իրական կեանքը, շրջապատն ու մթնոլորտը. պիտի տեսնենք, որ շատ մը կէտերու եւ հարցերու պարագային պիտի համաձայնինք եւ իրենց իրաւունք պիտի տանք: Օրինակ, հայակերտումի, հայապահպանման, հայեցի կրթութեան, ազգային ինքնութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ այսօրուան հայրն ու մայրը այն չեն, կամ այնպէս չեն մտածեր, ինչպէս կը մտածէին, կը վարուէին իրենց ծնողներն ու ծնողաց ծնողները՝ որոնք նմանապէս իրենց կարգին կը տարբերէին զիրենք նախորդող սերունդներէն: Կեանքի, դարաշրջանի եւ բնական պայմաններու պարտադրանքներէն աւելի, այսօր հայուն կազմախօսական ու նկարագրային յատկանիշներն ու հոգեխօսութեան ենթակառոյցներն են քակտուած եւ բնականաբար արդի ժամանակներու հայը, իր աշխարհահայեացքով, կազմաւորումով, նկարագրով, հետաքրքրութիւններով եւ մտածելու եղանակով այն չէ, ինչ որ էր սերունդ մը, երկու կամ աւելի առաջ: Նիւթական դժուարութիւնները, կեանքի զանազան պարտադրանքները, պատճառներն ու ժամանակներու փոփոխութեան հետ արդի գիտութեան, արհեստագիտութեան (համակարգիչ-համացանց) հսկայաքայլ յառաջդիմութիւնները եւ անոնց պատճառած առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները հոս նկատի չունենալով, հայ ծնողքը իր զաւակը հայկական վարժարան չ՛ուղարկեր. ան հեռո՛ւ կը մնայ հայ եկեղեցիէն, միութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն եւ առհասարակ հայկական միջավայրէ եւ հայութեան հետ առնչուած աշխատանքներէն, որովհետեւ այդ բոլորը շահաբեր ու հանգստաւէտ կեանք չեն պարգեւեր:
Հայ վարժարանները արդիական եւ առինքնող չեն: Ուսուցչական ասպարէզը ոչ միայն հրապուրիչ չէ, այլեւ՝ ապերախտ: Հայերէն դասաւանդուող նիւթերու դասագիրքերը ընդհանրապէս ոչ հետաքրքրական, հնամենի, տժգոյն եւ անցեալ դարու մանկավարժական մեթոտներով են: Աշխարհին ընձեռած բազմագոյն եւ բազմապիսի հաճոյքներէն, հաճելիութիւններէն, իրենց նախասիրութիւնները գոհացնող ծով կարելիութիւններէն եւ անհամեմատ պատեհութիւններէն՝ որպէս եկեղեցի, ազգ եւ կազմակերպութիւններ, համազգային ճիգերով որքանո՛վ կ՛ուզենք եւ պատրաստ ենք, միջոցները ունի՞նք, կրնա՞նք քսանմէկերրորդ դարու հայ ընտանիքը, մանուկը, պատանին ու երիտասարդը անտարբերութեան խոր թմբիրէն սթափեցնել, հա՛յ ըլլալու գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն փոխանցելու, նախնեաց հոգեմտաւոր աւանդներուն ժառանգորդը դարձնելու, ազգային-հոգեւոր կենդանի ակունքներո՛ւն վերադարձնելու, կորսուած հայու ինքնութիւնը վերահաստատելու, այլ մշակոյթներու եւ ազգերու նկատմամբ ստորակայական բարդոյթները փարատելու, այլասերումի տուն տուող պատճառները դարմանելու, բազմալեզու, բազմակրօն եւ բազմազգի ովկեաններու ձուլիչ, քանդիչ, աւերիչ եւ կլանիչ կոհակներու վրայէն անվեհեր ու յաղթական առաջնորդելու փարախը հայութեան:
Հարցումներ, մտահոգութիւններ, համազգային մարտահրաւէրներ ուղղուած չե՛ն որոշ խաւի մը, դասակարգի մը, ազգային-պետական պատասխանատուութիւններ ստանձնած այրերու, մշակութային կամ քաղաքական կազմակերպութիւններու թէ եկեղեցական կրօնական հաստատութիւններու, այլ՝ համայն հայութեան, յատկապէս համազգային վտանգին լրջութեան գիտակից ազգային-եկեղեցական եւ մշակութային գուպարին նետուած անձնազոհ ու անշահախնդիր իրա՛ւ հայրենասէրներուն, յաւերժական հայութեան վաղուան ճշմարի՛տ կերտիչներուն:
Ահա Արարատի երկրէն հազարաւոր մղոններ անդին՝ Խաղաղականի այս օտար ափերուն՝ գաղթական հայու բեկորներ, բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով, երախտարժան մեր նախնիք, հարիւր տարիներ առաջ, ազգային եւ կրօնական նախանձախնդրութեամբ, նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով 1922 թուականին, լոյսի ու հաւատքի խորան՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարը կառուցին:
Ահա այսօր, երբ հոգեւոր հպարտանքով ընդհանրապէս վեր կ՛առնենք Հայ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի դերն ու առաքելութիւնը, որ դար մը ամբողջ աստանդական հայ բեկորներուն համար իրողապէս եղաւ «հայ հոգիին եւ մարմնոյն» գոյատեւման հոգեւոր եւ ազգային զրահանդերձն ու հայակերտումի ամուր ամրոցը: Դարերու ընթացքին Հայ եկեղեցին օտար, թշնամի եւ բարբարոս ժողովուրդներու անընդհատ ճնշումներուն, կեղեքումներուն, ձուլումին, կործանումին դէմ ծառացած է եւ հաւատքի զէնքերով դիմակալած ու յաղթած է ամէն դժուարութիւն եւ սպառնալիք:
Անցնող հարիւրամեակին քանի՜, քանի՜ նորածին մանուկներ, իրենց ծննդեան քառասնօրէին՝ Աստուծոյ լոյս խորանին են ընծայուած:
Անցնող հարիւրամեակին քանի՜, քանի՜ սերունդներ, անոր լոյս խորանին առջեւ ծնկաչոք՝ աղօթք եւ մաղթանք են վերառաքած:
Երկնամերձ կամարներուն ներքեւ, անոր հոգեւոր աւազանէն քանի՜, քանի՜ մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ Քրիստոսի լոյսը զգեցած՝ մկրտուած եւ Ս. Հոգւոյ դրոշմի խորհուրդով Աստուծոյ են որդեգրուած: Քանի՜, քանի՜ սերունդներ, խոստովանութեամբ եւ զղջում ապաշխարութեամբ, երկիւղածութեամբ մօտեցած եւ Ս. խորանէն մատռուակող Քրիստոսի մարմնով եւ արեամբ են հաղորդուած:
Անցնող հարիւրամեակին քանի՜, քանի՜ երիտասարդ զոյգեր, Ս. խորանիդ առջեւ, Ս. Խաչին հովանիին ներքեւ պսակադրուած՝ քրիստոնեայ հայ ընտանիք են կազմած:
Ս. Խաչ Մայր տաճարի հարիւրամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւններուն առթիւ, եռանդնասէր կը շնորհաւորենք Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւը, հոգաբարձական, երեսփոխանական կազմերն ու եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքիս ծառայութեան նուիրուած կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, հայցելով Աստուծոյ ամենաբարի ողորմութիւնն ու օրհնութիւնը եւ պաշտպանութիւնը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայց. եկեղեցւոյ եւ ի անսասանութիւն ազգիս հայոց: