ԵԱՀԿի կարիքներու գնահատման խումբը 23 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետարանի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Արմէնփրէս»ը Սիւնիքի մարզպետարանի տարածած հաղորդագրութենէն տեղեկացաւ, որ հանդիպման ընթացքին ԵԱՀԿի պատուիրակութեան ներկայացուեցան 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ կատարուած վերջին յարձակումին արդիւնքները:
ԵԱՀԿի ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ սահմանամերձ բնակավայրեր՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին: