Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարութեան գործընկերութեան (ԺԳ) նախագահ Տէյվիտ Փրայս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգները կը պահանջէ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը վերադառնան ելման դիրքերը: «Հայաստանի համար ծանր ժամանակներ են: Ողբերգական դէպքեր տեղի ունեցած են, եւ դեռ վառ էր հակամարտութեան զոհերուն յիշատակը, երբ այլ բռնկում մը տեղի ունեցաւ: Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկկուսակցական, երկպալատ ջանքեր կը ներդրուին՝ հայ գերիներու վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ: Մենք դէմ ենք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժման եւ կը պահանջենք, որ Ատրպէյճան վերադառնայ ելման դիրքերը: Մենք նաեւ կը հասկնանք, որ Միացեալ Նահանգները հոս դերակատարութիւն ունի, մասնաւորաբար միջազգային համայնքը ուղղորդելու, անոնց հետ համագործակցելու առումով, որպէսզի այս երկարատեւ տագնապը լուծուի», ըսաւ ան։

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի այցելութենէն ամիս մը ետք Երեւան ժամանած քոնկրեսականներու պատուիրակութեան ղեկավար Փրայսին ուղղուած հարցումով՝ «Ազատութեան» լրագրողը ուզեց գիտնալ, թէ միամսեայ խորհրդակցութիւններէ ետք արդեօք պատկերացում կա՞յ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութիւնը: Փելոսին օրին այս գծով հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ըսած էր, որ Երեւան կ՛այցելեն գիտնալու, թէ ի՛նչ են Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանին ունեցած ակնկալութիւնները։
«Այդ գծով որեւէ յստակ յայտարարութիւն չեմ կրնար ընել այսօր, բայց կը կարծեմ, թէ խօսնակ Փելոսի այս մասին անդրադարձաւ իր այցելութեան ընթացքին: Ակնյայտ է, որ տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի՝ նկատի ունենալով Ռուսիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները, թերեւս որոշ ուժեր այլեւս այդքան արմատական չեն, ինչպէս անցեալին: Վստահաբար պիտի ըլլան փոփոխութիւններ, եւ այս պահուն քննարկումներ տեղի կ՛ունենան մասնաւորաբար այն մասին, թէ ի՛նչ յարաբերութիւններ կրնան զարգանալ, ներառեալ՝ ապահովական տիրոյթին մէջ: Կրնամ ըսել, որ այդ քննարկումները այս պահուն ալ բաւական բուռն կերպով կ՛ընթանան», նշեց Փրայս:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձէ այնպէս ընել, որ Ատրպէյճանին տրամադրուած ամերիկեան աջակցութիւնը երբեք չօգտագործուի Հայաստանի դէմ յարձակողական նպատակներով: Ան նշեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է ներգրաւուելու բազմակողմանի եւ երկկողմանի բանակցութիւններուն մէջ:
«Մենք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի մեր համանախագահողի դերը լրջօրէն կ՛ընկալենք եւ չենք ուզեր, որ որեւէ կողմ ստանձնէ իր կողմէ նախօրօք կանխորոշուած դեր, ընդհակառակը` կողմնակից ենք այն խաղաղութեան, որ հիմնուած է տարածքաշրջանին մէջ ապրող մարդոց արժէքներուն վրայ», նշեց ան։
Ասուլիսէն առաջ քոնկրեսական պատուիրակութեան անդամները փակ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու անդամներուն հետ: Զանոնք ընդունեցին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։
Հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ յատկապէս կ՛ըսուի, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Արցախի հիմնահարցի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ։
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանի հայ-ամերիկեան արդիւնաւէտ կապերը եւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները էապէս կը նպաստեն ռազմավարական երկխօսութեան շարունակական զարգացման:
Ան անդրադարձաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումին եւ կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու ու ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան համարժէք եւ հասցէական արձագանգը: Նոյն ժժամանակ, Փաշինեան լուսարձակի տակ առաւ Արցախի հայրենակիցներուն ապահովութեան եւ իրաւունքներու երաշխաւորման կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը:

Փրայս ընդգծեց հայ-ամերիկեան սերտ փոխգործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը` ի նպաստ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման եւ ամրապնդման: Անընդունելի նկատելով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժումը՝ Փրայս նաեւ դատապարտեց հայ զինուորներուն նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ անմարդկային վերաբերմունքը եւ գործողութիւնները: Ան կարեւոր նկատեց մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձի ապահովումը:
Ամերիկեան պատուիրակութեան մասնակցութեամբ յանձնաժողովներու միացեալ նիստին ներկայ եղան նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորները: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն փոխանցած են «այսպէս կոչուած խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները»:
«Ինքնորոշման իրաւունքն իրենք են, որ ընդունել են որպէս սկզբունք նոյն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, գործընթացը Մինսկի համանախագահների Մադրիդեան փաստաթուղթը, որ այսօրուայ իշխանութիւնները առանց հասկանալու ոտնահարում են, կ՛երազէին տենց փաստաթուղթ հիմա լինէր, որտեղ յստակ սահմանուած է ինքնորոշման իրաւունքը», նշեց Ռուստամեան:
Պատուիրակութիւնը նոյն օրը առաւօտեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, ուր ծաղիկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեց։