Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, հայկական, յունական, քրտական եւ հրէական կազմակերպութիւններու համակիրներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող եւ Ծերակոյտի թեկնածու Մեհմետ Օզի ընտրական գրասենեակին առջեւ, անկէ պահանջելով, որ փոխէ Անգարայի ուրացման արշաւին մէկ մասնիկը մնալու իր կեցուածքը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ մօտիկ կապեր ունեցող Օզ կը ջանայ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Փենսիլվանիոյ երկու աթոռներէն մէկուն տիրանալ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն։
Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներէն էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր շրջանային եւ նահանգային մարմինները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր պայքար կը մղէ Օզի ընտրարշաւին դէմ՝ մատնանշելով, որ անոր ընտրութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ամերիկեան ազգային ապահովութեան, որովհետեւ Օզ Ամերիկայէն աւելի հաւատարիմ է Թուրքիոյ, որուն եւս քաղաքացի է։
Բողոքի ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին՝ Փենսիլվանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահներ Լորիկ Պարոնեան, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Մանուկեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Ցոյցին առթիւ յայտարարութիւն տարածեց Օզի մրցակից Ճան Ֆեթերմըն՝ զօրակցելով անոնց եւ շեշտելով, թէ կ՛ողջունէ 2019ին Քոնկրեսին կողմէ «շատ ուշացած» ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան։
Ցոյցին տեսանիւթը կարելի է դիտել կայքէջին վրայ։
Do not vote Genocide denier Mehmet Oz for Pennsylvania Senate who is also a Turkish Citizen and close friend of Turkish Genocide denier President Erdogan, instead vote for his opponent Rabai Jan Futerman who is well aware what Genocide impact has on innocent nations. Thank you.