Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած Ասիոյ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու 6րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Նախագահները քննեցին ուժանիւթային ապահովութեան, երկկողմ համագործակցութեան, հացահատիկի փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հարցերը:
Փութին ըսաւ, թէ Թուրքիա ռուսական կազը Եւրոպական Միութիւն փոխադրելու հարցին մէջ ամէնէն վստահելի գործընկերն է եւ առաջարկեց Թուրքիոյ մէջ ստեղծել մատակարարումներու յատուկ ենթակառոյց մը:
«Ռուսիա եւ Թուրքիա անշուշտ շատերու մօտ դժգոհութիւն պիտի յառաջացնեն, եւ զարգացած երկիրները ամէնէն նուազ գոհ եղողը պիտի ըլլան», իր կարգին ըսաւ Էրտողան։