4 Հոկտեմբերիին, «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մերտինեան վարժարանի հիմնադրութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ մեծարելու Հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանի 15 տարիներու եւ վարժարանին Տիկնանց օժանդակ մարմինի 25 տարիներու սպասարկութիւնները։
Անի Մարտիրոսեան եւ Արշակ Չուքուրեան կատարեցին ազգային քայլերգները, որմէ ետք բացման աղօթքը մատուցեց պատուելի Յարութ Խաչատրեան։
Այնուհետեւ Հոգաբարձութեան փոխատենապետ իրաւաբան Ճորճ Ֆիլիփ, որուն հայրը վարժարանի հիմնադիրներէն է, իսկ մայրը՝ Տիկնանց օժանդակ մարմինի հիմնադիրներէն, բեմ հրաւիրեց վարժարանի նոր տնօրէնուհին՝ դոկտ. Սիւզի Օհանեանը։

Տնօրէնուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկայացուց ցարդ իրականացուած ծրագիրները եւ ապագայի նախաձեռնութիւնները, ապա ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին։
Վարժարանի շրջանաւարտներէն Նաթալի Էզաճեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան, որ նաեւ վարժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի հիմնադիրներէն է, կազմակերպութեան ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն եւ անոնց ներկայացուց օրուան մեծարեալներէն՝ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը, որ իբրեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ գանձապահ 15 տարիներէ ի վեր յատկանշական ծառայութիւններ մատուցած է վարժարանին։
Այս առիթով, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան գնահատագիր մը յանձնեց դոկտ. Վահէ Նալպանտեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ խօսեցաւ վերջին 15 տարիներու վարժարանի իրագործումներուն մասին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին նիւթապէս նեցուկ կանգնողներուն։
Անի Մարտիրոսեանի եւ Արշակ Չուքուրեանի կողմէ քանի մը երգերու կատարումէն ետք, վարժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի հիմնադիրներէն Սոնա Խանճեան խօսեցաւ մարմինին տարած աշխատանքներուն մասին, ապա բեմ հրաւիրեց 25 տարիներէ ի վեր այդ մարմինին միջոցաւ վարժարանին սպասարկութիւններ մատուցող Էլիզապէթ Աղպապեանը, որ տօնակատարութեան 2րդ մեծարեալն էր, եւ որ արտայայտուեցաւ 1997ին հաստատուած մարմինին հիմնադրութեան պատմականին եւ հիմնադիրներու տեսլականին մասին։
Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած այս յիշարժան տօնակատարութիւնը փակուեցաւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով։

