«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով «Սփիւթնիք Արմենիա»ն՝ յայտնեց, որ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով ըսաւ, որ Ռուսիա մտադիր է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին առաջարկել եռակողմ գագաթնաժողով մը ունենալ։ Ըստ անոր՝ յառաջիկային նախատեսուած է ժողովի թուականը համադրել։ Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել այդ հանդիպումը։
Ուշաքով նշեց, որ Ռուսիա աշխոյժ կերպով կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապերու կարգաւորման, ընդ որում` Մոսկուայի մէջ այն կարծիքին են, որ «կայուն խաղաղութեան հասնելու եւ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հարցերու լուծման բանալին գործադրութիւնն է եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու, որոնք ձեռք բերուեցան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աշխոյժ մասնակցութեամբ»: