Ֆրանսայի Ծերակոյտը բանաձեւով մը յորդորեց երկրի կառավարութիւնը քննել Արցախի մէջ մարդասիրական գրասենեակ հիմնելու հարցը։
Ծերակոյտը նաեւ կոչ ուղղեց՝ աջակցելու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան պահպանման:
Բանաձեւի հեղինակները կը շեշտեն, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պէտք է երաշխաւորէ հայ բնակչութեան եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ՝ առաջարկելով պէտք եղած պարագային նաեւ միջազգային ուժեր տեղակայել:
Ծերակուտականները հաստատեցին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, որմով կարելի պիտի ըլլայ Արցախը տեւական խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէկ մասնակիցը դարձնել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.