Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Պաքուի այն պնդումները, որ իբր թէ վերջերս հրապարակուած տեսանիւթին մէջ եղող զինուորները ատրպէյճանցի են եւ անոնք Ատրպէյճանին փոխանցուած են տանջամահ ըլլալէ ետք: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»ը:
«Ադրբեջանը, փորձելով ինչ-որ բացատրութիւն գտնել ողջ աշխարհով տարածուած սարսափելի տեսանիւթին, որտեղ ադրբեջանցի զինծառայողները գնդակահարում են զինաթափուած հայ զինծառայողներին, երկրի գլխաւոր դատախազութեան միջոցով այսօր մի անհեթեթութիւն է տարածել, ըստ որի՝ իբր «ադրբեջանական կողմին է փոխանցուել 6 ադրբեջանցի զինծառայողի մարմին, որոնց տանջամահ են արել այն հայ զինծառայողները, որոնք պատկերուած են յիշեալ տեսանիւթում», կը նշուի Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Գրեթէ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհից հնչած դատապարտումներն ու հետաքննութիւն անցկացնելու կոչերն ընդունելու փոխարէն՝ պաշտօնական Բաքուն փորձում է արդարացումներ գտնել իր զինծառայողների կողմից իրականացուած հրէշաւոր վայրագութիւններին», յայտնեց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կոչուած է կոծկել Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գործուած պատերազմական յանցագործութիւնները: