
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով Քալիֆորնիա այցելող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, որուն կ՛ընկերանային Արցախի մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Փորթանթինօ Արցախէն բարձրաստիճան հիւրերուն այցելութիւնը պատիւ համարեց, ցաւ յայտնելով Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ, որուն մասին նախարարը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց։
Քննարկուեցաւ Արցախին աջակցելու կարելիութիւնները եւ Փորթանթինօ շեշտեց, թէ միջազգային համայնքը պէտք է ճանչնայ Արցախի ժողովուրդին ինքնիշխանութեան տարրական իրաւունքը, որպէսզի արցախահայութիւնը կարենայ վերջապէս խաղաղ ապրիլ։
Նշենք, որ Փորթանթինօ 2021ին Արցախ այցելեց, հանդիսանալով 44օրեայ պատերազմէն ետք հոն այցելած նահանգային կամ դաշնացային առաջին պաշտօնատարը, ականտես դառնալով ատրպէյճանական բարբարոսութիւններու հետեւանքներուն։
