
Հանգուցեալ իրաւաբան ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր յանձնախումբին եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերուն կողմէ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Oakwood գերեզմանատան մէջ, 22601 Lassen St, Chatsworth, CA 91311:
Հանգուցեալին յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի ներկայ գտնուիլ:
***
Դամբանական Էտվին Մինասեանի՝ Պոլսահայ Միութեան Կողմէ
Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ, գաղափարի նուիրեալ եւ հաւատաւոր մշակ՝ հոգեհարազատ մեր անդամին՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեանի, անժամանակ մեկնումով, Պոլսահայ միութիւնը կորսնցուց միութեան խոր եւ աներեր համոզումներու տէր, առաքինի երախտաւոր մը, որ երեսուն երկար տարիներ ինքնամատոյց եւ անմնացորդ կերպով ծառայեց՝՝ ի խնդիր միութեան շահերուն: Միայն ծագումով հայ մը չեղաւ իրաւաբան Մինասեան, այլեւ իր կեանքով, մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան: Եղաւ մանաւանդ հաւասարապէս թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի: «Ամերիկահայ» եւ կրկնակ պատկանելութեան իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ, բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ աշխարհի ճակատագիրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներուն նկատմամբ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի մնայուն իր տեղը 21րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ, անընկճելի կամքով, անսասան հաւատքով, անսպառ կորովով, մշտանորոգ յոյսով եւ ապագայի նկատմամբ սնուցած իր վարդագոյն երազներով՝ կրցաւ գործել հայավայել ընդունակութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ եւ արժանաւորութեամբ, ձեռք առնելով պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը։
Ան բացառիկ գիտակցութեամբ եւ բացառիկ համոզումով լծուած էր միութենական աշխատանքին: Նիւթականացած այս դարուն մէջ, անցեալէն մինչեւ այսօր գաղթաշխարհի ամբողջ տարածքին, հայութեան ծառայող, հայութիւնը ներկայացնելու պատրաստութիւնը կը պարտինք իրաւաբան Մինասեանի թափած քրտինքին եւ աշխատանքին։ Ան «մինչեւ շունչ վերջին» մնաց հաւատարիմ իր ուխտին, մնաց աւանդապահը իր տեսլականին ու մեկնեցաւ այս աշխարհէն, երբ տակաւին պարտականութեան վրայ էր։ Կեանքը ապրեցաւ իր սիրելի Պոլսահայ միութեան արժէքի սկզբունքին կապուած ըլլալով իր գոյութեան բոլոր թելերով: Քալեց այնպէս, որ հետք թողուց միութեան պատմութեան մէջ: Չեղաւ լուսանցքի վրայ, այլ՝ միշտ քալեց Մայր պողոտայէն՝ բարձրահայեաց եւ սրտապինդ:
Ան թէեւ Պոլսահայ միութեան հիմնադիրներէն չէր, սակայն հայ ժողովուրդին իր տուածով ու կերտածով՝ արժանի է հիմնադիրներու շարքին դասուելու։ Իր անունը հազա՛ր ապրի։
Կենսագրական՝ Հանգուցեալ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանի
Էտվին Մինասեան Ծնած էր 1963ին եւ հասակ առած Պոլսոյ մէջ:
Ան ստացած էր Գիտական աստիճանի իր ուսումը ելեւմտական եւ առեւտուրի գործարքի կառավարման մարզին մէջ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն 1987ին եւ իրաւաբանութեան դոկտորի աստիճանը «Լոյոլա» իրաւաբանական դպրոցէն 1990ին, եւ նոյն տարին ընդունուած էր Քալիֆորնիա նահանգի Իրաւաբաններուկաճառը: Ան նաեւ ընդունուած էր կիրառելու Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանին դիմաց: Տարիներ շարունակ ան ծառայած էր բազմաթիւ յանձնախումբերու, ներառեալ՝ պետական յարաբերութիւնները, օրինական հարցեր, պաշտօնական կանոններու համակարգը, առաջնորդին բարեկամները Արեւմտեան թեմին: Ան ատենապետն էր Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան 2010էն ի վեր: Ան երկու շրջաններ ատենապետ եղած էր Հայ իրաւաբանական կաճառին:
Մինասեան նաեւ Հայ իրաւական կեդրոնի արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու տնօրէններու խորհուրդի անդամ էր (ALC), նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի անդամ: Ան Ազգային եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու վարչական անդամ էր Հայ կեդրոնին, նաեւ պատահական սիւնակագիր՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի, Պոլսոյ մէջ: Եղած էր նաեւ նախկին անդամ՝ «Արարատ տան» Հոգաբարձութեան, Լոս Անճելըսի մէջ: Ան տացած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ գերագոյն պատրիարք՝ Գարեգին Բ. ձեռամբ: