Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 30 Սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապաս Պատախշան Զոհուրին՝ ընկերակցութեամբ Կապանի մէջ Իրանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ Ապետին Վարամի Միրզոյեանին յանձնեց հիւպատոսական իր արտօնագիրը:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին բարձր մակարդակի հայ-իրանեան, յատկապէս` վերջին շրջանի կապերու աշխուժացման առիթով։
Միրզոյեան յայտնեց, որ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը կարեւոր եւ խորհրդանշական քայլ է. անիկա կը վկայէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնը առաւել խորացնելու եւ որակական նոր մակարդակի հասցնելու երկկողմ պատրաստակամութեան մասին: Կողմերը յայտնեցին, թէ համոզուած են, որ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ Սիւնիքի մարզին մէջ առեւտրական-տնտեսական, հաղորդակցութեան, ուժանիւթի եւ գիտութեան, կրթութեան եւ շակոյթի բնագաւառներուն մէջ ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան հարցերուն։
Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանային հարցերու վերաբերեալ իրանեան կողմէն արտայայտուող վճռական եւ յստակ դիրքորոշումները: