ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մտերմութիւնը կապուածութիւն կը ստեղծէ: Չափազանց մտերմութիւնը ցարդ սքանչելի որակ տուած է ոմանց կեանքին, պատճառ դառնալով մարդոց միջեւ անքակտելի թուացող ընկերութեանց: Չափազանց մտերմութեան արդիւնք չե՞ն այն սիրոյ պատմութիւնները, որոնց պատճառով անկեղծութիւնը երբեմն չափանիշեր արձանագրած է, օրինակ հանդիսանալով շատերուն:
Վերոյիշեալ օրինակը մարդկային փոխյարաբերութեան կը վերաբերի անշուշտ: Սակայն, այնտեղ ներկայացուած «մտերմութիւն»ը, որու պատճառով նաեւ «կապուածութիւն»ը, այլ կերպարանքով ալ կը դրսեւորուի կեանքի մէջ: Մարդկութեան շարքերուն մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք նախընտրած են մտերմութիւն ստեղծել կենդանիներու հետ, քան՝ մարդոց:
Հոգեբանական գիտութիւնը բազմաթիւ պատճառներ կը թուէ նման վերաբերումի մը բացատրութիւն տալու համար: Այսպէս, կեանքի ընթացքին պատահած դժբախտութիւն մը, յաւէտ սէր խոստացած անձի մը ցուցաբերած անհաւատարմութիւնը, գործի ասպարէզին մէջ գործադրուած խաբէութիւն մը, միակը կարծուած անհատի մը կողմէ ծրագրուած եւ բացայայտուած դաւադրութիւն մը, ի յայտ եկած դաւաճանական արարք մը, եւ այլ նման պարագաներ երբեմն պատճառ դարձած են, որ որոշ անձեր նախընտրեն իրենց կեանքը ապրիլ կենդանիներու հետ, քան՝ մարդ էակի:
Առաջին իսկ հայեացքով եւ խնդիրը հեռուէն դիտելով, մարդ կը տարուի իրաւունք տալ վերը ներկայացուած անձերուն, որոնք կեանքի մէջ իրենց մտերիմներէն մտրակուելէ հազիւ վերապրած, նման որոշում գոյացուցած են իրենց մտքին մէջ, եւ առանց մասնաւոր ջանք թափելու, դէպի անբան կենդանիները թեքուած:
Երրորդ տեսակի կապուածութիւնը մարդիկ կ՛ունենան նիւթին հետ: Աշխարհը իր ամբողջութեամբ նիւթ է, սկսեալ հողէն, քարէն ու ջուրէն, որոնք մեր կամքէն անկախ ամենօրեայ ներկայութիւն են մեր շուրջ: Մարդ էակը, ըլլալով նիւթի եւ հոգիի միացումը, իր ֆիզիքականով աւելի ներկայ է ու մանաւանդ երեւելի ուրիշներուն, քան իր հոգեկան էութեամբ: Կրօնն ու հոգեբանական գիտութեան տեսաբանները ինչքան ալ փորձեն հաստատել, որ մարմինն ու հոգին հաւասարապէս գոյութիւն ունին մարդուն մէջ, առօրեայ կեանքի ընթացքին մարդկային մարմնին տրուած կարեւորութիւնը, սկսեալ սնունդէն ու մարդուն՝ իր արտաքին տեսքին տրուած կարեւորութենէն, հակառակը կը փաստեն: Ուրեմն ճի՞շդ է, որ մարդը աւելի նի՞ւթ է, քան հոգի…:
Իւրաքանչիւր անձ իր սեփական փորձառութեամբ կրնայ հաստատել այն, որ աներեւոյթ գոյութիւնները հոգեկան աչքերու տեսանելի են միայն: Նոյնիսկ անոնք որոնք հաւատք չունին (եթէ կարելի է այսպէս ըսել), մտքի աչքերով կրնան տեսնել իրենց սեփական հոգին, որ իրենց մարմնէն տարբեր գոյութիւն մըն է իրենց ներսիդին…: Այդ նոյն հոգիին հետ անձնական զրոյցներ կ՛ունենան յաճախ թէ՛ հաւատացեալ եւ թէ անհաւատ մարդիկ: Անոնք հաւասարապէս հաշիւի կը նստին ներքին անձին հետ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իրենց հոգին, որուն յաճախ «սիրտ» անունը կը սիրենք տալ: Որոշ կացութիւններու դիմաց, ներքին մղումով մը յանկարծ կ՛ըսենք. «Սիրտս չուզեց», կամ «Սիրտս չխօսեցաւ»: Ո՞վ է այդ «սիրտ»ը, կամ քեզմէ զատ ո՞վ կրնայ լսել անոր խօսքը: Բնականաբար «սիրտ»ը այս պարագային կծկուող եւ մարմնիդ արիւն ներարկող առաձգական մկանը չէ, այլ ներքին անձդ, կամ այլ բառով՝ հոգիդ…: Ուրեմն, անոր աներեւոյթ գոյութիւնը իրականութիւն է, որուն շատ կամ քիչ, մեծ կամ փոքր ըլլալը այնքան ալ էական չէ:
Վերոյիշեալ երրորդ տեսակի «մտերմութիւն»ը կամ «կապուածութիւն»ը, որ նիւթին հետ ունի մարդ էակը, ամէնէն անիմաստ տեսակն է: Այս կապուածութիւնը, որ յաճախ կալուածի, սեփական գոյքի, թանկարժէք իրերու նկատմամբ կ՛արտայայտէ մարդ էակը, իր մահէն ետք ուրիշներու սեփականութիւնը պիտի դառնայ անկասկած: Այս ճշմարտութիւնը աշխարհի սկիզբէն տեսնուած ըլլալով հանդերձ, մարդկութեան մեծամասնութիւնը դեռ չուզեր հաւատալ ատոր: Կրօնները, բարոյագիտութիւնը, ալեհեր փորձառուները նոյն բանը կը քարոզեն, սակայն երբեմն քարոզողներն ալ նոյն թակարդին մէջ բռնուած կը մնան մինչեւ իրենց վախճանը:
Համամարդկային այս դժբախտութեան մէջ բացառութիւններ միշտ եղած են, որոնք երբեմն խենթի կարգ դասուած են, իսկ անոնց ըմբռնողութիւնը՝ սովորական մտքի համար անհասկնալի փիլիսոփայական տեսութիւն համարուած:
Ամէն ինչի մէջ ցանկալի չափաւորութիւնը, ամէն ինչէ աւելի՝ «մտերմութեան» եւ «կապուածութեան» պարագային փափաքելի է: Մեզի համար ամէնէն հարազատ անձերը, որոնց հետ անսահման մտերմութիւն ունինք, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին անոնցմէ չբաժնուինք, օր մը մահով պիտի բաժնուինք. սա անխուսափելի է:
Նիւթին հետ կապուածութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր դրութեան կը մատնէ մարդը, երբ պատահի, որ յանկարծ զայն կորսնցնէ ան: Կեանքը շատ անակնկալներ վերապահած է նիւթին համար, որոնցմէ գլխաւորը գողութիւնն է: Աւետարանին վկայութեամբ, եթէ մէկը իմանայ թէ գողը ե՞րբ պիտի գայ, անքուն կը հսկէ, ու թոյլ չի՛ տար, որ մէկը գողնայ իր ստացուածքը: Սակայն ցարդ բազմաթիւ մարդոց հարստութիւնը կողոպտուած է, երբեմն անոնց կեանքին իսկ գնով:
Երկու անձերու միջեւ չափազանց կապուածութիւնն ալ իր տխուր ազդեցութիւնը ունեցած է մարդու հոգիին վրայ, յատկապէս անոնցմէ մէկուն մահով: Նման պարագաներուն, մխիթարական ամէնէն համոզիչ արտայայտութիւնները երբեմն անզօր մնացած են, յատկապէս երբ մէկը այս կեանքին մէջ է դեռ, իսկ միւսը անդենականին: Անմխիթարին միակ յոյսը եղած է այն, որ իր մահէն ետք պիտի վերամիանայ կորսնցուցած անձին: Կեանքի այս երեւոյթներուն դիմաց կանգնած, անկախ իր կամքէն, մարդ կը տարուի մտածելու, որ եթէ նման կապուածութիւն հաստատուած ըլլար մարդուն եւ իր Արարչին միջեւ, այս կեանքի մէջ իսկ ենթական գտած պիտի ըլլար յաւիտենութիւնը…: Սակայն բացայայտ իրականութիւն է, որ մարդ էակը եղունգներով խրած է ժամանակաւոր աշխարհի կեանքին մէջ, անգիտակից ինքնակամութեամբ դժուարացնելով իր պանդխտութեան օրերը:
Կեանքի փորձառութեամբ հարուստ անձերն իսկ վերոյիշեալ ճշմարտութիւնները համեստօրէն ընդունելու դժուարութիւնը ունին: Ուրախ օրերուդ միշտ շրջապատուած ըլլալով բազմաթիւ բարեկամներով, մտքէդ չես ուզեր անցընել, որ կրնաս օր մը մինակ մնալ: Իրենց երջանկութեան մէջ, ոմանք նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութիւնը կը մոռնան, բաւարարուած ըլլալով մարդոց ներկայութեամբ եւ իրենց ստեղծած նիւթական հզօր պայմաններուն ապաւինած:
Մէկը մտածե՞ր է արդեօք, որ մութը երբ պատէ մեր չորս դին, մեր շուքն իսկ մեզ կը լքէ…: Ուրեմն, «մութ»ին մէջ, այսինքն երբ դժուարութեան մատնուինք, մանաւանդ երբ ի սպառ սպառին մեր նիւթական հնարաւորութիւնները, մեր «ապաւէն»ներուն միջեւ տարբերութիւն պիտի չըլլայ, մարդ էակի կերպարանքով կամ նիւթական. ո՛չ մէկ տարբերութիւն: Ուրեմն, երբ սեփական շուքդ ալ քեզ կը լքէ «մութ»ին մէջ, հետամուտ եղիր իսկական Ապաւէնին, որ քեզ երբեք չլքելու խոստում տուած է սկիզբէն…: