Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր գաւառին անունով գնահատագիր մը յանձնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով շրջանս այցելող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, շեշտելով գաւառին եւ Արցախի միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Պարկըր ցաւով յիշեց, թէ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Արցախի վրայ ատրպէյճանական 44օրեայ յարձակումին երկրորդ տարելիցին, դատապարտելով մեծ թիւով զոհեր խլած ատրպէյճանական բարբարոսութիւնները եւ խոստանալով զօրակցիլ Արցախի Հանրապետութեան։
Գնահատագիրը յանձնելու արարողութեան տեսանիւթը դիտելու համար այցելել կայքէջը։