
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի դեմոկրատ ատենապետ Պապ Մենենտեզ եւ նոյն յանձնախումբի հանրապետական բարձրաստիճան անդամ Մարքօ Ռուպիօ Երեքշաբթի օր Ծերակոյտին ներկայացուցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը դատապարտող, Պաքուին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները անմիջապէս կասեցնել, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող երկկուսակցական բանաձեւ մը, որ նաեւ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու եւ Հայաստանին ու Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու կոչեր կ՛ընէ։
«Հայկական տարածքներու եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը մարդկային կեանքի հանդէպ արհամարհանքի սարսափելի ցուցադրութիւն է: Որովհետեւ տարածաշրջանի համայնքները, ներառեալ Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Վարդենիսը եւ Ճակատէնը կը տառապին Ալիեւի վարչակարգի յարձակումներէն, Ամերիկա պէտք է աջակցութեան խօսքերու կողքին, գործնական քայլերու դիմէ՝ նեցուկ կանգնելով Հայաստանի ժողովուրդին», ըսաւ Մենենտեզ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց ծերակուտականներուն այս ջանքերը, որոնք վերջապէս կրնան իրականացնել Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւններու արտածումը կասեցնելու նպատակով վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածի նպատակը։
Աւելի կանուխ, Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած էր նման բանաձեւ մը, առաջնորդութեամբ քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Էտըմ Շիֆի։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանին զինումը կասեցնելու նպատակով, Մենենտեզ աշխատանք կը տանի նաեւ նախագահէն խլելու այն իրաւասութիւնը, որմով գործադիր իշխանութիւնները կրնան շրջանցել Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւններու արտածումը կասեցնելու նպատակով վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածը։
Մենենտեզ աւելի կանուխ յղուած նամակով մը արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն պահանջած էր, որ Ուաշինկթըն անյապաղ կասեցնէ Պաքուին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական բոլոր աջակցութիւնները, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները։