Երեքշաբթի գիշեր, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի իր վերջին մրցումը, երբ Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 6րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Տապլինի մէջ հիւրը եղաւ Իրլանտայի:
Մնալու համար Բ. դասակարգին մէջ, հայրենի կազմը յաղթանակ մը պէտք ունէր:
Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղի 18րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կօլը:
Բ. կիսախաղի սկիզբը արդիւնքը վերածուեցաւ 2-0ի, երբ Իրլանտա 52րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կօլ մը:
Հայաստան յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել Արտակ Դաշեանի (71րդ) եւ Էդուարդ Սպերցեանի (73րդ) նշանակած կօլերուն շնորհիւ:
Սակայն մրցումին վերջին վայրկեաններուն, Հայաստանէն կարմիր քարտ ստացան Յովհաննէս Համբարձումեան (89րդ) եւ Արտակ Դաշեան (90րդ) եւ խաղի աւարտէն անմիջապէս առաջ (90+1րդ), Իրլանտա փենալթիով նշանակեց իր յաղթանակի կօլը:
Այսպիսով, Հայաստան փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ: