Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի մասնակցութեամբ՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին Սալըվըն գրառում կատարած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:
«Այսօր ընդունեցի Հիքմեթ Հաճիեւը եւ Արմէն Գրիգորեանը՝ ուղիղ եւ կառուցողական շփումներու համար: Քննարկեցինք հետագայ բռնութիւններէն խուսափելու, ինչպէս նաեւ յստակ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կեդրոնացած բանակցութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը: Յստակացուցինք նաեւ ճշգրիտ քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն կայուն եւ տեւական խաղաղութեան», գրած է ան:
Այս մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է նաեւ Արմէն Գրիգորեան՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրելով. «Քննարկել ենք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորել ենք վերջին ագրեսիայի (յարձակումի) հետեւանքների վերացումը»։