25 Սեպտեմբերին, Հայաստանի 18 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցեցան 119 հազար 469 ընտրողներ՝ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող (236 հազար 724) քաղաքացիներու 50.47 տոկոսը:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացէ, թէ այս մասին կը տեղեկացնէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը:
Առաւել աշխուժը Քաջարանը եղած է՝ 77.77 տոկոս, ընտրութիւններուն ամէնէն քիչը մասնակցած են Ջրվէժի մէջ՝ 27.20 տոկոս:
Համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ կատարուած են Արագածոտնի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի եւ Տաւուշի մարզերու 17 համայնքներու մէջ, իսկ Արագածոտնի մարզի Ալագեազ համայնքին մէջ՝ մեծամասնական ընտրակարգով:
Այս ընտրութիւններուն համար արձանագրուած էին 14 կուսակցութիւններ եւ 12 դաշինքներ: