Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 21 Սեպտեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 8ի շուրջ, ականանետերու եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու օգտագործումով կրակ բացաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը դադրած է:
Կայ վիրաւորուած է հայ զինուոր մը, որուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Ժամը 9։30ի դրութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է։