ԿԱՅ ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ
Ատրպէյճանական զինուած ուժերը 20 Սեպտեմբերին՝ երեկոյեան ուշ ժամերուն, կրակ բացին Կապանի տարածաշրջանի Ներքին Հանդ համայնքին ուղղութեամբ. Փոխանցեց «Ազատութիւն»ը:
Համայնքապետ Խաչատուր Բաղդասարեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ երեկոյեան ժամը 9-10ի շուրջ թեթեւ զինատեսակներէ կրակեցին գիւղին մօտակայքը գտնուող հայկական դիրքերուն վրայ:
Թէեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը վիրաւորներուն մասին տեղեկութիւն չտուաւ, Խաչատուր Բաղդասարեան ըսաւ, որ՝ ըստ իր ունեցած տեղեկութիւններուն, մէկ վիրաւոր կայ: «Հայ մի վիրաւոր ունենք, իմ լսելով` երկրապահից ա», նշեց ան։ Երկրապահ կամաւորական միութենէն հաստատեցին այս տեղեկութիւնը՝ նշելով, որ կամաւորը արդէն վիրահատուած է. անոր վիճակը կայուն է:
Ռազմական գերատեսչութիւնը 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտեցին զինադադարը՝ արեւելեան ուղղութեամբ կիրարկելով հրաձիգներ:
21 Սեպտեմբերին, Եռաբլուրի մէջ պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արամ Թորոսեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ներքին Հանդի մէջ զինադադարի խախտման պատճառով հայկական կողմը վիրաւորներ ունի՝ ըսաւ. «Հակառակորդի կրակոցից ցանկացած վիրաւորի դէպքում Պաշտպանութեան նախարարութիւնն այդ մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածում է»:
13 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, Ներքին Հանդէն մանուկները եւ կիները դուրս բերած են, տղամարդիկ, սակայն, մնացած են:
Ըստ համայնքապետին` գիւղին մէջ շուրջ 30 ընտանիքներ կ՛ապրին: 14 Սեպտեմբերին հաստատուած զինադադարէն ետք, բնակիչները 20 Սեպտեմբերին ուզած են վերադառնալ, բայց որովհետեւ իրավիճակը դարձեալ լարուած է, որոշած են քանի մը օր ալ սպասել:
Բաղդասարեան դիտել տուաւ, որ համայնքի արօտավայրերը եւ սեփականաշնորհուած հողատարածքներուն մէկ մասը այս պահուն կը գտնուին ատրպէյճանցիներուն վերահսկողութեան տակ, միւս մասը կը դիտարկուի անոնց կողմէ եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու կարելիութիւն չկայ: Ներքին Հանդի մէջ մարդիկ տնամերձ հողատարածքները կը մշակեն:
Նախորդ շաբաթ, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան տեղեկացուցած էր, որ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ ատրպէյճանական ուժերը մխրճուած են 1-2 քիլոմեթր խորութեամբ: