ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու վրայ կանգնած է ընկերային կեանքը: Մարդը առանձին չի՛ կրնար ապրիլ, որքան ալ մեկուսանայ շրջապատէն կամ յայտարարէ, թէ բոլորին հետ պիտի խզէ իր կապերը: Գազաններն անգամ իրարու հետ կ՛ըլլան, նոյնիսկ գզվռտին, յետոյ միասին կը բաժնուին որսի աւարը: Ընկերային կեանքը անկէ տարբեր չի՛ կրնար ըլլալ: Մահն է միայն, որ կրնայ անհատ մը մեկուսացնել, ֆիզիքապէս զայն ոչնչացնելէ առաջ:
Բոլորս ալ տեսած ենք, թէ ինչպէս հանգուցեալի մը դագաղին շուրջ հաւաքուած, յատկապէս հարազատներ խօսքեր կ՛ուղղեն անոր անշնչացած դիակին, հին ու նոր յուշեր կը պատմեն՝ վկայակոչելով անցեալը, սակայն հանգուցեալին բերանէն առանց նուազագոյն արձագանգը լսելու: Այս միակողմանի խօսակցութիւնը անոնք կ՛երկարեն այնքան, որքան որ դեռ հանգուցեալը հողին չէ յանձնուած. այլ խօսքով՝ մահը դեռ կ՛արտօնէ հանգուցեալին, որ անշունչ մարմինով ներկայ ըլլայ սգոյ սոյն հանդէսին:
Կիսաքաղաքակիրթ թաղմանական արարողութիւններու ընթացքին, բացայայտ երեւցող վերոյիշեալ պատկերը, արքունի կամ ազնուական դասակարգի անձերու յուղարկաւորութիւններու ընթացքին կը յայտնուի բացարձակ լռութեամբ, երբեմն խեղդուած հեկեկանքով կամ ի հարկին՝ աչքերուն քսուող սպիտակ թաշկինակի մը օժանդակ շարժումով: Մահուան ցնցիչ երեւոյթին պատճառով եղած այս թատերական ու յուզական երկու տեսակի մօտեցումներէն բացի, մարդ էակը իր առանձնութեան մէջ, իր Արարիչին հետ հարազատ զրոյցի բացառիկ առիթ ունի: Մտերմիկ այս զրոյցը «աղօթք» կը կոչուի կրօնական անուանումով, «խոստովանանք»՝ հոգեւոր կնիքով, եւ «հայր ու զաւակ սրտբաց խօսակցութիւն»՝ ուղղակի մարդկային առումով: Երրորդ տեսակի այս աղօթքը, սրտբաց զրոյցը, այն պահն է, երբ մարդ անհատը ապահով կը զգայ, թէ Աստուծմէ բացի եւ իր զրոյցին գաղտնիքները լսող մը չկայ: Ասիկա ինքնավստահութեամբ լեցուելու սքանչելի առիթ է մարդուն համար, երբ ան ամէն ինչ կը բարձրաձայնէ իր Արարիչին, առանց որեւէ նիւթ գաղտնի պահելու: Նոյն անկեղծութիւնը անկարելի է գտնել մարդկային որեւէ մտերմութէան մէջ: Վերջապէս մարդկային փոխեարաբերութէան մէջ երկու կողմերն ալ մարդ էակներ են,
իրենց սեփական շահերն ու հաշիւները ունեցող, մինչ առաջինին պարագային, մարդ եւ Աստուած յարաբերութիւն է, ուր հզօր ուժը միշտ իր տիրական ներկայութեամբ կը հովանաւորէ տկարին, եւ միշտ պատրաստ է լսելու անոր խնդրանքները:
Բոլոր տեսակի մտերմութիւններուն ամէնէն անկեղծը կրնանք համարել Աստուծոյ հետ տեղի ունեցող զրոյցը: Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի բոլոր տեսակի մտերմութիւնները, մինչեւ իսկ անմիջամտելի նկատուող ամուսնական տեսակը, յաճախ թերութիւններ ունին, երբեմն սիրոյ բացակայութեան, անհաւատարմութեան եւ վստահութեան պակասի պատճառով: Այս առումով, մարդկային կապը, նոյնիսկ երկու մտերիմ անձերու միջեւ, շատ տկար է, եւ պայմանաւորուած՝ անձնական շահերով ու վստահելիութեամբ: Մարդկութեան ներկայ առօրեան լեցուն է տխուր պատկերներով ամուսնալուծումներու, որոնցմէ շատերը անկեղծութեան պակասի եւ կողմերէն մէկուն անխնայ շահագործման պատճառով տեղի կ՛ունենան:
Մանուկներու հետ զրոյցը, մարդկային մակարդակի վրայ, դարձեալ անկեղծ երկխօսութիւն կը համարուի, սակայն այս պարագային յստակ է մէկ կողմին գիտակից մօտեցումը, իսկ միւսին՝ ամբողջական վստահութիւնը: Ճիշդ այս պատճառաւ, մարդ եւ Աստուած կապի երրորդ տեսակը կը կոչուի «հայր եւ զաւակ սրտբաց զրոյց»: Այնպէս ինչպէս նորաբողբոջ մանուկ մը ամէն ինչ կը պատմէ իր ծնողքին,նոյնպէս ալ մարդ էակը առանց դոյզն կասկածի իր գաղտնիքները կը վստահի Աստուծոյ, քաջ գիտնալով, որ Ան ոչ ոքի պիտի յայտնէ այդ գաղտնիքները: Նոյնը չէ՛ խոստովանահօր հետ ոճրագործի մը անկեղծութիւնը: Ամօթի, երբեմն վախի եւ այլ պատճառներով, յանցագործներէն շատերը իրենց կը վերապահեն որոշ գաղտնիքներ եւ չեն յայտներ խոստովանահօր: Արդեօք կը կասկածի՞ն անոր անկեղծութենէն, կամ արդեօք կը խորհի՞ն, թէ ան կրնայ զիրենք մատնել ոստիկանութեան:
Կասկածամտութիւնը, վախին միախառնուած՝ չի՛ թողուր, որ գաղտնապահութեան վարագոյրը ամբողջութեամբ պատռուի այս երկու կողմերուն միջեւ: Եթէ մէկ կողմը իր ամբողջական երաշխիքը տալով՝ կը վստահեցնէ միւսին եւ ամբողջական գաղտնապահութիւն ցուցաբերելու խոստում կու տայ անոր, սակայն միւս՝ տկար կողմը միշտ ինքնապաշտպանութեան վերարկուն հագած ըլլալով, մնայուն զգուշաւորութէամբ կը մօտենայ խոստովանանքին:
Ամօթի եւ վախի նոյն պատուարը շուտով գոյութեան կու գայ նաեւ ամէնէն մտերիմ անձերուն միջեւ, երբ մանաւանդ անոնցմէ մէկը գործած է սխալ մը, որուն համար ներողութիւն պիտի խնդրէ միւսէն: Յանցաւորը իր մտքին մէջ վստահաբար կ՛ունենայ չներուելու տարբերակը, որ աւելի ամօթով եւ մանաւանդ Յուսահատութեամբ կը պատէ իր հոգին:
Զրոյցներուն զրոյցը, այսինքն ամէնէն մտերիմ տեսակը, ինչպէս նաեւ ամէնէն երկար զրոյցը, իւրաքանչիւր մարդ կ՛ունենայ ինք իր անձին հետ: Օրերը, ժամերն ու վայրկեանները հաշուելով, դարձեալ չկայ մարդ, որ ինք իր անձին հետ ունեցած զրոյցներէն աւելի ժամանակ տրամադրած ըլլայ ուրիշին:
Գիշերուան հանգիստի պահուն իսկ, մարդ ինք իր հետ կը զրուցէ, օրուան անցուդարձերը կը քննարկէ, որոշումներ կու տայ, իր դէմ գտնուող հարցերը կշիռքի վրայ կը դնէ, ծանր ու թեթեւ նժարներ կը գործածէ. մէկ խօսքով ինքնամփոփման պահերը ինքնազրոյցի կը վերածէ ան, իր կեանքը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար:
Գիտէի՞ր, որ ներսիդիդ նստած այսքան մտերիմ անձ մը ունիս, որուն հետ բարեկամութիւնդ շատ երկա՜ր պատմութիւն ունի, սկսեալ գիտակցութեան գալու տարիքէդ: Վստահաբար շա՜տ ժամանակ տրամադրած ես անոր՝ զայն քու հարազատ ընկերներէդ աւելի մտերիմ համարելով, որուն գաղտնապահութիւն թելադրելու կարիքը չունիս…: Անոր հետ միս ու ոսկորի անմիջական կապի մէջ եղած ես միշտ՝ վստահ ըլլալով, որ իրարմէ պիտի չզատուին անոնք յանկարծ:
Գնահատա՞ծ ես ամէնէն մտերիմ «ընկերոջդ» անկեղծութիւնը եւ վստահութիւնը անոր հետ կատարած բոլոր խաղերուդ, դարձուածքներուդ եւ խաբեբայութիւններուդ համբերելուն համար…: Վստահաբար, եթէ զրուցակիցդ ներքին անձէդ բացի այլ մէկը ըլլար, վաղո՜ւց արդէն հեռացած կ՛ըլլար քեզմէ, կա՛մ վտանգաւոր անձ մը համարելով քեզ, կա՛մ իր անկեղծ ընկերութէան անարժան թեկնածու մը:
Ինքնամեկուսացումը կամ կամաւորաբար շրջապատէն կտրուիլը մասնաւոր նշանակութիւն չ՛ունենար, եթէ ներքին անձին հետ հաշուեյարդար պիտի չկատարուի: Այդ կարելի է կատարել աղօթքի ճամբով կամ մեր եսին հետ անկեղծ զրոյցի նստելով: Առաջին ձեւը շատ օգնած է, յատկապէս հաւատացեալ մարդոց, հանգստացնելու իրենց խիղճը եւ խաղաղեցնելու չարչրկուող միտքը: Ճիշդ այս է պահը մեր անձին հետ անկեղծ ըլլալու: Մի՛ մոռնար, որ կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան, զրոյցի ամէնէն երկար ժամանակը անձիդ կը յատկացնես: Ուրեմն, իսկապէս անկեղծ եղիր անձիդ հետ, եւ պիտի տեսնես, որ քու ունեցած բոլոր հարցերը ինքնըստինքեան լուծում պիտի գտնեն: