
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) ողջունեց 14 Սեպտեմբերին՝ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 8էն սկսեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին զինադադար հաստատելու համաձայնութիւնը եւ կը յուսայ, որ անիկա կը պահպանուի: Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ամերիկաներու հարցերու փոխտեղակալ Միրոսլաւ Յենչա՝ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման վերաբերեալ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ հրաւիրուած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստին ներկայացնելով իր զեկոյցը:
Յենչա վկայակոչեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած տուեալները, ըստ որոնց, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախ դարձուցած են ոչ միայն հայկական կողմի մարտական դիրքերը, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մէջ:
Հակառակ հայկական կողմի զեկոյցներուն եւ ներկայացուած փաստերուն՝ ոչ միայն մարտական դիրքերու, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրեր թիրախ դարձնելու մասին, Յենչա դիտել տուաւ, թէ «ՄԱԿը այն դիրքին մէջ չէ, որ ստուգէ կամ հաստատէ այդ զեկոյցներուն մանրամասնութիւնները»: Ան մէջբերեց պաշտօնական այն տուեալները, ըստ որոնց հայկական կողմէ զոհուած են 105 զինուորներ եւ վիրաւորուած 6 քաղաքացիներ:
«Երկու երկիրներն ալ գրած են ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին՝ պնդելով Ռուսիոյ կողմէ 2020ին միջնորդուած զինադադարին եւ իրենց տարածքային ամբողջականութեան խախտումներուն մասին: ՄԱԿը այն դիրքին մէջ չէ, որ ստուգէ կամ հաստատէ այդ զեկոյցներուն մանրամասնութիւնները: Այդուհանդերձ, մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգ մնալ այս վտանգաւոր սրացման գծով՝ ներառեալ անոր հաւանական ազդեցութիւնը բնակչութեան վրայ, եւ կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն անյապաղ եւ յստակ քայլերու ձեռնարկելու՝ լարուածութիւնը թուլցնելու համար», յայտնեց Յենչա:
Ըստ անոր՝ ՄԱԿի տեղական խումբերը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ կը պահեն բաց կապը տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ եւ պատրաստ են արձագանգելու յառաջացող մարդասիրական կարիքներուն, եթէ դիմումներ ըլլան:
Յենչան զեկուցեց Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին, որ այս շաբաթ տեղի ունեցած դէպքերը ամէնէն վերջին եւ մեծագոյն բախումներն էին կողմերուն միջեւ 2020ի դէպքերէն ետք:
«Ասիկա կ՛ընդգծէ այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման գործընթացը կը շարունակէ բախիլ լուրջ խոչընդոտներու: Այս սաստկացումը նաեւ կ՛ընդգծէ կողմերուն՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման ծիրին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման շարունակուող գործընթացին մէջ յառաջ ընթանալու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ օգտուելու այս կարեւոր գործիքակազմէն՝ իբրեւ սահմանի լարուածութիւնը թուլցնելու անհրաժեշտ քայլ: Այս շաբաթուան իրադարձութիւնները նաեւ կը յիշեցնեն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նաեւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու ներուժ ունի: Անոնք կ՛ընդգծեն տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող բոլոր դերակատարներուն կառուցողական կերպով գործելու եւ կողմերուն վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի աշխատին խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ», շեշտեց ան:
ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
ՖՐԱՆՍԱ

Ֆրանսան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն դէպի ելման դիրքերը: Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչ, Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլա տը Ռիվիէր՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի:
«Ֆրանսան մտահոգ է այն գործողութիւններով, որոնք տեղի կ՛ունենան հայ-ատրպէյճանական սահմանին: Հայաստանի տարածքի քանի մը վայրեր կրակի մատնուած են, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ վնասուած են: Ասոնք ամէնէն ուժեղ մարտերն են 2020էն ի վեր: Ֆրանսա իր գործընկերներոն հետ կը փորձէ խրախուսել յարգել զինադադարը: Մաքրոն խօսած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները պէտք է պահպանուին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ ետ քաշելու իր զօրքերը ելման դիրքերը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի: Կողմերը պէտք է քննարկեն սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցերը, ինչպէս նաեւ որոշ ուժերու կողմէ բռնութեան դէպքերու կանխումը: Ֆրանսան պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելուն», ըսաւ տը Ռիվիէր:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Միլզ եւս իր երկրին մտահոգութիւնը յայտնեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան գծով՝ հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ զինադադարի հաստատումը եւ կը շեշտէ, որ տագնապը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ: Միլզ իր խօսքին մէջ յստակօրէն արձանագրեց, որ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով տուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղ քաղաքացիներ:
«Պէտք է անյապաղ վերադառնալ բանակցութիւններուն՝ տեւական խաղաղ լուծման հասնելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով: Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կը պնդէ, որ հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հնարաւոր ամէն բան ընէ, որպէսզի օգնէ հասնելու դիւանագիտական ճամբով երկարատեւ խաղաղութեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Մենք մեր պատրաստակամութիւնը յայտնած ենք խթանելու երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ԵԱՀԿի եւ գործընկերներու համակարգման միջոցով, որպէսզի դիւանագիտական ճամբով աւարտի հակամարտութիւնը միջազգային իրաւունքի հիման վրայ, ներառեալ ՄԱԿի կանոնադրութիւնը եւ Հելսինքեան ուխտիջ, նշեց Միլզ:
ՌՈՒՍԻԱ

Ռուսիա անընդունելի կը նկատէ ուժի կիրարկումը եւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ կատարելու զինադադարի վերաբերեալ ռուսական միջնորդութեամբ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզեա իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան պէտք է զսպուածութիւն դրսեւորեն եւ զերծ մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան բարձրացնել լարուածութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ՝ անշեղօրէն պահպանեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն կողմէ ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւններու ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Նեպենզեա նաեւ տեղեկացուց, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը սերտ կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ՝ իրադրութեան կայունացման նպատակով:
ԻՐԼԱՆՏԱ

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի Իրլանտայի ներկայացուցիչ Քէյթ Մորա իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իր երկիրը մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակով, ներառեալ քաղաքացիական կառոյցներու տրուած հարուածները Հայաստանի տարածքին մէջ, ինչ որ արգիլուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով:
«Մենք կ՛ողջունենք այս պահուն կրակի դադրեցման մասին լուրերը: Խստօրէն կոչ կ՛ուղղենք՝ դադրեցնելու կրակը եւ հետեւելու աւելի կանուխ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութեան: Կ՛ընդգծենք, որ պէտք է հետեւիլ ՄԱԿի կանոնադրութեան, այլ երկրի մը ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտում չի կրնար ընդունելի ըլլալ, պէտք է վերադառնալ այն դիրքերը, որոնք եղած են մինչեւ այս սրացումը: Պէտք է վերադառնալ դիւանագիտական ուղիով հակամարտութեան հանգուցալուծման», ըսաւ Մորա:
ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Չինաստան անհանգստացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային գօտիին մէջ զինուած հակամարտութեան վերջին սրացումով, ըսաւ ՄԱԿի մօտ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Կենկ Շուանկ՝ նշելով, որ Չինաստան կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ հարցերը լուծելու քաղաքական երկխօսութեան միջոցով:
«Մենք կողմերուն կը յորդորենք հաւատարիմ մնալ ձեռք բերուած զինադադարին եւ միասնաբան ջանքեր գործադրել իրավիճակի մեղմացման համար: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը անբաժան է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումէն: Մենք կ՛աջակցինք տագնապի՝ երկխօսութեան միջոցով լուծման: Յոյս ունինք, որ բոլոր կողմերը մօտիկ ապագային կը մշակեն միջազգային իրաւունքու եզրերուն, սահմանուած ընդունելի սկզբունքներուն համապատասխան հակամարտութեան լուծում: Չինաստան կ՛ողջունէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ Նոյեմբեր 2020ին ձեռք բերուած համաձայնագիրը եւ պիտի շարունակէ ողջունել դրական յառաջընթացը Արցախի շուրջ ԵԱՀԿի Մինսքի ծիրին մէջ», ըսաւ Շուանկ: