ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 15 Սեպտեմբերին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը մնաց յարաբերաբար հանդարտ. օրուան ընթացքին էական միջադէպեր չարձանագրուեցան: Կացութիւնը հանդարտ էր նաեւ գիշերը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ միջազգային հանրութեան ներգրաւուածութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռք բերել զինադադարի պայմանաւորուածութիւն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ զինադադարի հարցով Հայաստանի բոլոր գործընկերները իրենց ներդրումը ունեցան, իսկ իրավիճակը ուղղելու առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգները:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ որքանո՛վ կարելի կ՛ըլլայ կայուն պահել իրավիճակը՝ Սիմոնեան ըսաւ, որ չի կրնար ճշդել։ «Մենք պէտք է պատրաստ լինենք իւրաքանչիւր զարգացման: Մեր աշխատանքի տրամաբանութիւնը լիովին այդ տրամաբանութեան մէջ է, հակառակորդի «բարի կամքի» կամ որեւիցէ պայմանաւորուածութեան վրայ որեւիցէ յոյս դնել չի կարելի: Մենք այդ տրամաբանութեամբ ենք շարժւում», ըսաւ ան:
Պարզաբանելով տարածքային կորուստներու վերաբերող օր մը առաջ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը՝ Սիմոնեան ըսաւ, որ այդ 10 քառակուսի քիլոմեթրը յստակ շրջանի չի վերաբերիր: «Հիմնական մարտերը եղել են դիրքերի շրջակայքում, յարձակումը եղել է դիրքերի ուղղութեամբ, դիրքերի մասով է եղել այդ փոփոխութիւնը: Տեղ է եղել, որ մեր կողմից դիրքը յետ է վերցուել, տեղ է եղել, որ իրենք են ինչ-որ յաջողութեան հասել», նշեց Սիմոնեան:
Օրուան ընթացքին սահմանային շրջաններուն վերաբերող տարբեր մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հայկ Կոստանեան յայտնեց, որ փրկարար ծառայողները խումբով գացած են Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղի տարածքը՝ դիեր վերադարձնելու. խումբին մէկ մասը վերադարձած է, իսկ փրկարար ծառայողներէն մէկուն հետ կապը կորսուած է: Ժամեր ետք յայտարարուեցաւ, որ կարելի եղած է գտնել այդ ծառայողը, եւ ամէն ինչ բնական է:
Սիւնիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն Նորաւանի մօտակայքը հրդեհի բռնկման մասին տեղեկութիւն ստացուած էր. դէպքի վայրը գացած է փրկարարական ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն մէկը: Պարզուած էր, որ հրդեհը բռնկած է սահմանային դիտարկուող հատուածին մէջ, ուր գտնուած է զինուորի մը դիակը, զոր մօտեցուցած են զինուորական հիւանդատարին:
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան յայտնեց, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, նախնական տուեալներով, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ վնասուած են 192 բնակարաններ, որոնց 60ը ամբողջութեամբ վնասուած է:

«Վնասուել են բնակելի տներ, օժանդակ կառոյցներ, անասնապահական շինութիւններ, գիւղատնտեսական նշանակութեան գոյք, վարչական շէնքէր, հիւրատներ եւ այլն: Վնասուել են նաեւ աւտոմեքենաներ, այդ թւում, շտապօգնութեան ծառայութեան: Որոշ տեղերում ունեցել ենք հոսանքազրկումներ, որոնք շատ արագ վերականգնուել են: Այս պահին էլեկտրականութեան հետ կապուած խնդիր ունենք Ներքին Շորժայի հատուածում: Հասկանալի պատճառով էլեկտրականութեան, կապի մատակարարումը այդ հատուածում դեռ չի վերականգնուել, սակայն առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում կը վերականգնուի», ըսաւ ան:
Այլ կարգի ենթակառուցուածքային հարցեր՝ ճամբաներու քանդում, ջրամատակարարման խափանումներ, չկան: Կան տարբեր հարցեր, որոնք ընթացքին շատ արագ կը լուծուին: Տէրտէրեան նշեց, որ երեք մարզերուն մէջ ալ ղեկավարութիւնը կը հետեւի իրավիճակին, կը համակարգէ աշխատանքները շուրջօրեայ դրութեամբ: Կարելութեան պարագային ամբողջական գոյքագրում պիտի կատարուի շատ արագ կերպով:
«Կը ստեղծուեն մասնագիտական յանձնախմբեր, որոնք տեղում աւելի մանրակրկիտ կը հաշուառեն վնասները: Մեր քաղաքացիներն այդ առումով կարող են հանգիստ լինել: Եթէ նոյնիսկ որեւէ բան բաց է մնացել, ապա համայնքների աշխատակազմերի միջոցով պատշաճ կ՛արուի այդ աշխատանքը», նշեց ան:
Տէրտէրեան վստահեցուց, որ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով տուժած իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի արժանանայ կառավարութեան ուշադրութեան:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի լրագրողի մը՝ ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով Ջերմուկ քաղաքին մէջ վնասուած են երեք պանդոկներ, մէկ՝ առողջարան, ճոպանուղին, յարակից շէնքերէն մէկը եւ սրճարան մը, նաեւ՝ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան շէնքը: Հրթիռ արձակուած է նաեւ Ջերմուկի առողջարանին եւ կազի խողովակին ուղղութեամբ:
Ճոպանուղիի տնօրէն Արմէն Թադեւոսեան նշեց, որ միայն ճոպանուղիին վրայ ինկած են շուրջ 11 արկեր: «Արկերի պատճառով ճոպանուղու առաջին հատուածը կրել է բաւականին մեծ վնաս, իսկ ընդհանուր գծի տակ՝ յենասիւները դեռեւս չենք ստուգել, քանի որ վերեւ բարձրանալն անհնար է», ըսաւ ան:
Սիւնիքի մարզի Վերիշէն համայնքին մէջ իրավիճակը հանգիստ է. կրակոցներ չեն լսուած: Մինչդեռ 90ականներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այստեղ 12 Սեպտեմբերի 2022ի կէսգիշերին արկերու ձայներ լսուեցան: Գիւղը այցելած հայ եւ օտար լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց համայնքապետ Արտակ Զադայեան: «Գիւղում ընդհանրապէս խուճապ չկայ միայն մի քանի ընտանիք, որտեղ մանկահասակ երեխաներ կան, տարհանուել են, միւսները շարունակում են մնալ գիւղում», ընդգծեց համայնքապետը:
Վերիշէնին մէջ, հակառակորդին արձակած հրթիռներու հարուածներուն պատճառով 4 տուներ վնասուած են: Ըստ համայնքապետին՝ գիւղէն 700-800 մեթր հեռու հարիւրաւոր հրթիռներ ինկան: «Երէկ ժամը 15:00ի հատուածում գիւղում 3 արկ ընկաւ, տղերքին օգնելու պահին մէկ քաղաքացիական անձ վիրաւորում ստացաւ, հիմա հիւանդանոցում է, ոտքին բեկորային վնասուածք է ստացել: Կեանքին վտանգ չի սպառնում», մանրամասնեց ան:
Որեւէ ենթակառուցուածք չէ վնասուած. Վերիշէնը զրկուած չէ ելեկտրականութենէն, կազէն կամ ջուրէն:
Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կապի մէջ է 12-13 Սեպտեմբերի գիշերը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման պատճառով ատրպէյճանական կողմը յայտնուած հայ գերիներու ընտանիքներուն հետ: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրի ղեկավար Զառա Ամատունի:
Անդրադառնալով 13 Սեպտեմբերին զինուորներու դիերը Հայաստանին վերադարձնելու պատրաստակամութեան մասին Ատրպէյճանի յայտարարութեան՝ Ամատունի ըսաւ, որ իրենք տեղեակ են այդ մասին: «Այս պահին մենք այդ հարցերով երկխօսութեան մէջ ենք Հայաստանի իշխանութիւնների հետ: Երբ լինի տեղեկութիւն, մենք արդէն կը կարողանանք հաստատել», յայտնեց Ամատունի: