ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւնը:
Բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն՝ նիստին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։
Քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ իրագործուելիք քայլերը: Միտքեր փոխանակուեցան Արցախի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացի ընթացիկ վիճակին մասին:
Ընդգծուեցաւ արտաքին սպառնալիքները դիմակայելու պարունակին մէջ համաժողովրդական համերաշխութեան եւ համախմբուածութեան հրամայականը:
Նիստին մասնակցած Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դարձեալ հաստատեց, որ այս փուլին, Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր:
«Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, այսօր գտնւում եմ Երեւանում՝ Արցախի հարցով Հայաստանի իշխանութիւնների հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններ անցկացնելու նպատակով: Յայտնում եմ, որ այդ նպատակով մասնակցել եմ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհրդի նիստին: Տեղի ունեցած քննարկումներից յետոյ ցանկանում եմ մէկ անգամ եւս արձանագրել, որ այս փուլում Արցախի կարգավիճակի հետ կապուած որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկւում: ՀՀ մեր գործընկերներին ուղղուած իմ խօսքում բառացիօրէն փոխանցել եմ բոլորիս մտահոգութիւնները՝ ընդգծելով, որ ոչ մի փաստաթուղթ չի կարող ստորադասել մեր ժողովրդի ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքն ու ձգտումները: ՀՀ իշխանութիւնները վերահաստատել են, որ առանց Արցախի իշխանութիւնների հետ քննարկելու եւ մեր ժողովրդի կարծիքը հաշուի առնելու Արցախին առնչուող որեւէ փաստաթուղթ չի ստորագրուելու: Արցախի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը եւս, գտնուելով Երեւանում, շարունակելու է քաղաքական խորհրդակցութիւնները Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարի, ԱԺ նախագահի եւ քաղաքական դաշտի այլ դերակատարների հետ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահը: