Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերի գիշերը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ մը, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նիստին միակ օրակարգն էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներ ճշդելը:
Խորհրդակցական հանդիպման բացման նիստին ընթացքին կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան ընթերցեց վեհափառին հրապարակած կոչը՝ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման առիթով:
Կաթողիկոսին նախաձեռնութիւնը ողջունեցին հայ կաթողիկէ համայնքապետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը եւ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելին, երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ շեշտելով նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք ընդգծեցին նման պայմաններու մէջ հարցերը միասնականօրէն քննարկելու եւ համակարգուած աշխատելու կարեւորութիւնը:
Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ ռմբակոծուող տարածքներուն, թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած աշխարհագրական գօտիին, հայոց բանակի դիմադրութեան, միջազգային արձագանգումին եւ ռազմական գործողութիւններով Ատրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն մասին:
Քննարկելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին պատերազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղղութիւնները՝ նիստը հաստատեց.
Ա) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն դէմ Ատրպէյճանի նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումը մէկ օղակն է Պաքուի յարձակողապաշտութեան: Ատրպէյճանը այս ձեւով պատերազմը Արցախեան տարածքներէն կը տեղափոխէ դէպի Հայաստանեան տարածքներ՝ խախտելով միջազգային օրէնքները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
Բ) Ձեռնարկելով զինուորական գործողութիւններու՝ Պաքու կը մերժէ խաղաղ բանակցութիւններով հարցերը լուծելու ընտրանքը եւ կը տապալէ բանակցային գործընթացը:
Գ) Այս պայմաններուն մէջ մեզի կը մնայ ձեռնարկել համաժողովրդային պայքարի՝ ընդդէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն: Համաժողովրդային պայքարը պիտի ներառէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները եւ Սփիւռքը:
Դ) Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը: Մեր բոլո՛ր՝ եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը եւ մեր սահմաններուն անսասանելիութիւնը:
Ե) Ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել թշնամիին ներթափանցումներուն դէմ մաքառող հայ բանակին եւ քննել գործնապէս հայկական զինեալ ուժերուն սատար կանգնելու հնարաւորութիւնները:
Զ) Մեր միասնական եւ համակարգուած աշխատանքը, անկոտրում կամքը ու հայկական աշխարհին մէջ ծաւալելիք համազգային դիմադրութիւնը կրնայ դէմ դնել թշնամիին եւ ձախողցնել մեր հայրենիքին սպառնացող անոր ծրագիրները:
Է) Մեր աշխարհատարած կառոյցները ցուցական, քաղաքական, քարոզչական եւ դիւանագիտական ուղղութիւններով պարտին լծուիլ համազգային եւ համաժողովրդային դիմադրութեան՝ փրկելու համար մեր հայրենիքը:
Ը) Վեհափառին թելադրանքներէն մղուած՝ կազմել համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները համախմբող միացեալ խորհուրդ՝ հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու եւ միասնական համազգային աշխատանքներ իրականացելու համար: