ՓԱՍԱՏԻՆԱ, Քալիֆորնիա.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին յայտարարեց, թէ նահանգին Օրէնսդիր մարմինը վաւերացուցած է Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզին 250,000 տոլար յատկացնելու՝ իր ներկայացուցած առաջարկը։
Գումարը պիտի տրամադրուի վարժարանի նորոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան արդիականացման։
«Ուրախ եմ, որ Թաւլեան մանկամսուրին աջակցելու առաջարկս վաւերացուեցաւ։ Այս գումարը կարեւոր ներդրում մըն է, որ պիտի նպաստէ վարժարանին, անոր համայնքին եւ յատկապէս անոր աշակերտներուն բարգաւաճման», յայտարարեց ծերակուտականը:
Նշենք, որ Փորթանթինօ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրաշրջանը եւ մօտիկ բարեկամն է հայ գաղութին։ Իր ընտրութենէն ի վեր, ան հաւատաւոր կերպով նեցուկ կը կանգնի հայութեան շահերուն:
Ան անդամ է ծերակուտականներէ բաղկացած Քալիֆորնիա, Հայաստան եւ Արցախ միացեալ առեւտուրի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յանձնախումբին, որուն ներկայիս ղեկավարն է ան: Ան քանիցս այցելած է Հայաստան եւ Արցախ: Վերջերս ան բաւական մեծ ջանք եւ աշխատանք թափեց Քալիֆորնիա եւ Հայաստան առեւտուրի գործակցութեան կեդրոն մը հաստատելու համար Երեւանի մէջ: Ան նաեւ նպաստած է վաւերացման բազմաթիւ բանաձեւերու, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատաւոր պայքարողներէն մէկը եղած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը մուտք գործէ նահանգային կրթական համակարգին մէջ:
Յիշեցենք, որ Քալիֆորնիա Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն հայահոծ գաղութն է, իսկ 25րդ ընտրաշրջանը ունի յատկանշական թիւով հայութիւն:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան երախտագիտութիւն յայտնեց այս առատաձեռն օժանդակութեան համար, զայն նկատելով ծրակուտականին կողմէ առնուած՝ հայ համայնքին նեցուկ կանգնելու հերթական կարեւոր քայլը։ Ան վարժարանին եւ Խնամակալ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Փորթանթինոյին։
Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրը հիմնուած է 1992ին, Փասատինայի մէջ, Քալիֆորնիա: Մանկամսուրը սկսած է իր առաջին կրթական կիսամեակը 4 մանուկներով, ապա 30 տարիներու ընթացքին ունեցած է առաւել քան 2000 շրջանաւարտներ: Մանկամսուրը վաւերացուած է Քալիֆորնիա նահանգին կողմէ, ինչպէս նաեւ National Association for the Education of Young Children (NAEYC) վարկաւորման ընկերակցութեան կողմէ: Մանկամսուրը ծառայութիւն կը մատուցէ 2-5 տարեկան մանուններու՝ ամէնօրեայ կարգով: Ներկայիս անիկա ունի 70 մանուկներ եւ 16 ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ: