
Այս օրերուն, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագիծին մէջ, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին:
Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Լիբանանեան համալսարանին մէջ, յիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ խորհրդակցելով Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ՝ թէ՛ Գերմանիա մեկնելէ առաջ եւ թէ համաժողովի աշխատանքներուն ընթացքին: Դոկտ. Պայրագտարեան ԵՀԽի միջազգային տագնապներու յայտարարութիւններու շարքին նաեւ համաժողովին ներկայացուց Արցախի մասին յայտարարութիւնը:
Յիշեալ յայտարարութեան մէջ համաժողովը կը դատապարտէ Արցախի 44օրեայ պատերքազմին Ատրպէյճանի կողմէ նախայարձակ պատերազմը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Համաժողովը նաեւ կը դատապարտէ քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ միջազգային օրէնքին հակասող պատերազմական այլ յանցագործութիւնները: Ան կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ), Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները: Համաժողովը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի գրաւեալ շրջաններու սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկամամբ եւ կոչ կ՛ուղղէ ԵՈՒՆԵՍՔՕին ու միջազգային համայնքին՝ բոլոր միջոցներով պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական մշակութային ու կրօնական կառոյցները եւ վայրերը:
Համաժողովը նոյն ժամանակ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի շրջանակներուն՝ շուտով երկխօսութեան սկսելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման համար:
Վերջապէս, անիկա կը թելադրէ խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիներուն՝ աշխատելու տարածաշրջանին մէջ համերաշխութիւն հաստատելու եւ արդար ու կայուն լուծում գտնելու համար:
Յայտնենք, որ Արցախի պատերազմի օրերուն, ինչնէս նաեւ յաջորդող ժամանակաշրջանին, ԵՀԽն ադրադարձած էր Արցախի հարցին եւ անոր արդար լուծում գտնելու հրամայականին: