ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Վան Տալենի նախաձեռնութեամբ եւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին համակազմակերպութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «2020ի պատերազմը եւ մարդու իրաւունքները Արցախի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողներն էին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին մէջ հայ ռազմագերիներու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան:
Ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի բազմաթիւ պատգամաւորներ՝ տարբեր քաղաքական խումբերէ, բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Վան Տալեն վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Արցախին՝ նշելով. «Ես կանգնած եմ հայ ժողովուրդի կողքին: Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի կեանքը եւ անոնց մշակութային ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ են: Մենք ոչ թէ պէտք է ընդունինք որեւէ «սթաթուս-քո», այլ ապահովենք Արցախի հայ բնակչութեան համար իր պատմական հողին վրայ ապրելու երաշխիքներ»:
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդաժողովին մասնակցողներուն եւ խորհրդաժողովին նախաձեռնող Վան Տալընին՝ ըսաւ. «2020ին, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած Արցախի երկրորդ պատերազմը Արցախի ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ ցեղային զտումներու ենթարկելու նոր փորձ էր: Իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը հիմնարար մարդկային իրաւունք է: Եւրոպական խորհրդարանը արդէն իր հրատապ բանաձեւով դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով հովանաւորուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ ինքնին ճանաչումն է այն փաստին, որ Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը անկարելի է Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ»:

Խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողները խօսեցան Արցախի երկրորդ պատերազմին ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին մարդկային իրաւունքներու ու միջազգային բանաձեւերու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ:
«Էթնիկ զտումների ադրբեջանական քաղաքականութիւնը, սպառնալիքների եւ բռնութիւնների կիրառումն ու բնակչութեան վրայ հոգեբանական գրոհները միտուած են խաթարելու բնականոն կեանքը, ինչպէս նաեւ նպատակ ունեն առաջացնել Արցախում հայ ժողովրդի գոյատեւման նկատմամբ անվստահութիւն: Այս անվստահութիւնը գնալով աճում է, յատկապէս այն դէպքում, երբ Արցախի կարգավիճակի հարցը բանակցութիւնների քննարկման նիւթ չի դառնում, մասնաւորապէս նաեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւնների ժամանակ», իր կարգին ըսաւ Ստեփանեան:
Իսկ Սահակեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի դէմ միջազգային դատարաններու համապատասխան որոշումները իրաւական տեսանկիւնէն ներկայացնելէ բացի «հակահայ այլատեացութիւնը դարձել է Ադրբեջանի որոշիչ յատկանիշը, որն արտայայտւում է խօսքի ատելութեան, հայազգի բանտարկեալների նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի, հայերի նկատմամբ էթնիկ բռնութեան հերոսացման, էթնիկ զտումների, պատմութեան ժխտման ձեւերով»:
Զեկոյցներուն յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժինը՝ ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ: