ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 23րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Օգոստոսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 300 համակիրներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու:
Հիմնարկին նորագոյն իրագործումները եւ համայնքին կողմէ հիմնարկին ցուցաբերուած աջակցութիւնը լուսարձակի տակ առած եւ մեծարումներու առիթ տուած ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներն էին՝ իրաւաբան Մարքի Կիրակոս, «Էտվենթիս» առողջապահական կեդրոնը եւ Մալեք Անդրեասեանց ընտանիքը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ դրուատեց կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները, հիւանդներուն պայքարելու ոգին եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութիւնները:
Ան նաեւ ներկայացուց ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը, նեռարեալ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ներկայացուցիչ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմըն, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մերի Յովակիմեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն եւ Էլէն Ասատրեան եւ քաղաքի վարիչ Ռուբիկ Կելանեան:
Հոգեւոր հայրերուն միացեալ աղօթքէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայաստանի եր Արցախի մէջ վերջին քանի մը տարիներու պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակը:
Այնուհետեւ ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Գայիանէ Քոսթիքեան եւ Անեթ Փոսթիկ ողջունեցին ներկաները եւ դրուատեցին կազմակերպութեան կամաւորներու ջանքերը եւ նուիրատուներու բերած նպաստը՝ առանձնեցնելով յատկապէս Mission Wine and Spirits հաստատութեան, Նազիկ Պաշքիճեանի, Cafe Santorini ճաշարանի եւ տոքթ. Վերժին Մատէլեանի նուիրատուութինները:
Հիմնարկին նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ երբ Հայաստան եւ Սփիւռքը կը համագործակցին, հրաշալի իրագործումներ կը կատարուին, անոնց օրինակներէն մէկը նկատելով 1999ին հաստատուած հիմնարկը, որ աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ համայն աշխարհի հայութեան: Ան աւելցուց, թէ հիմնարկը վերջերս մէջտեղ բերած է երիտասարդական խմբակ մը՝ ABMDR NextGen-ը, շնորհիւ Էրիք Մարգարեանի ջանքերուն:
Ապա տեղի ունեցաւ հիմնարկին մասին Table 22 Films հաստատութենէն բեմադրիչ Կարէն Միրզայեանի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը, որմէ ետք խօսք առաւ հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան, որ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ կազմակերպութեան ջանքերուն շնորհիւ, մօտիկ ապագային պիտի կատարուի 40րդ պատուաստումը եւ շեշտեց, թէ աշխատանքները շարունակուած էին նոյնիսկ համաճարակին ընթացքին: Ան նաեւ յայտնեց, թէ հիմնարկի տարրալուծարանի վերահսկիչ Արմինէ Յոյսեան Ախտաբանութեան եւրոպական դաշնակցութեան հսկիչ նշանակուած է՝ նշելով, որ մինչ այդ Հայաստանի եւ ամբողջ Կովկասի մէջ այդ հեղինակաւոր դաշնակցութեան միակ ներկայացուցիչը եղած էր տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն:
Այնուհետեւ սկսան մեծարումները:
«Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հիմնարկի հիմնադիրներէն եւ ներկայ վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Մարքի Կիրակոսին, իսկ «Տարուան կամաւոր» մրցանակը յանձնուեցաւ Արաքս Պատալեանին, որուն փոխարէն մրցանակը ստանձնեց Սոնա Պատալեան:
«Տարուան գործարարը» մրցանակը յանձնուեցաւ Table 22 Films հաստատութենէն Կարէն Միրզայեանին, իսկ «Տարուան կազմակերպութիւնը» մրցանակը՝ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ քաղցկեղէ փրկուած Ալիք Թոփալեան, որ հիմնարկին հաստատումին մղիչ ուժերէն եղած էր, ինչպէս նաեւ Հուրի Սետլըր՝ Քաղցկեղի պարսկա-ամերիկեան հիմնարկէն, իսկ Արփինէ Զոհրապեան առաջնորդեց ձեռնարկին դրամահաւաքի բաժինը՝ Be an Angel, Save a Life-ը, մասնակցութեամբ հիմնարկի փոքրիկ «հրեշտակ»ներուն:
Մրցանակաբաշխութեան երկրորդ բաժինի գործադրման ընթացքին, «Տարուան կամաւոր» մրցանակները յանձնուեցան նաեւ Էրիք Մարգարեանին եւ Մէյկըն Հարապիտին, իսկ «Տարուան տղամարդը» մրցանակը՝ Արեգ Պոյեամեանին, մինչ «Տարուան կին»ը մրցանակը յանձնուեցաւ Սոնա Աշճեանին:
Ներկաները նաեւ վայելեցին Հերի Շահոյեանի կատարումները:
Նշենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33,500 նուիրատուներ 44 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 39 հիւանդներու կեանքերը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին: