
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 21 Օգոստոսի երեկոյեան, «Թէքէյեան» Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արա Ահարոնեանի «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորին շնորհահանդէսը եւ մեր թանկագին ընկերոջ յուշ երեկոն։
Շատ քիչ անգամ վայելած ենք այսքան փառաւոր եւ տպաւորիչ, այսքան առինքնող ձեռնարկ մը, ինչպիսին էր այդ օրուան միջոցառումը։
Հոյակապ հանդիսավարուհին եւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու մէկը միւսէն սքանչելի ելոյթները, օրուան գլխաւոր բանախօսին խիստ շահեկան հատորի խմբագիրին խօսքը, արուեստագէտներու հոգեթով ելոյթները ու ձեռնարկին կազմակերպութիւնը վայել էին Արա Ահարոնեանին, որուն հոգին կը թեւածէր սրահին մէջ։


Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէր թեմիս առաջնորդի ներկայացուցիչ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, հանգուցեալի ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պետական այրերը, միութենական, մամուլի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Օրուան շնորհաշատ հանդիսավարուհին՝ Սեւան Տէր Պետրոսեան, բացման եւ ողջոյնի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու մեր ընկերոջ բարի յիշատակը եւ հայրենիքի մէջ «Սուրմալու»ի պայթումին զոհ գացած հայրենակիցներու յիշատակը։
Ապա խօսք առաւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, որ գնահատելէ ետք Ահարոնեանի տարիներու կուսակցական եւ ազգային ու հայրենասիրական ծառայութիւնները՝ ըսաւ. «Շրջանային վարչութիւնը, առ ի գնահատանք մեր ընկերոջ տարիներու ծառայութեան՝ որոշեց սոյն հատորը հրատարակել՝ յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը»։
Ահարոնեան անդամ էր կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան, բազմաթիւ միութիւններու եւ միաւորներու։ Անոր կենսագրութիւնը շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ խօսքերով ներկայացուց ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Հալէպլեան։
Ապա խօսք տրուեցաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորի խմբագիր, հայրենիքի եւ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ ծանօթ մտաւորական, բազմամեայ կրթական մշակ դոկտ. Մինաս Գոճայեանին՝ ներկայացնելու համար խմբագրուած հատորը։ Դոկտ. Գոճայեան ինք եւ իր տիկինը՝ Նազիկը,շուրջ մէկ տարի աշխատած են այս հատորը խմբագրելու համար։
«Ես եւ տիկինս առաձնաշնորհուած կը զգանք այսպիսի խիստ շահեկան գիրք մը լոյս աշխարհ բերելու եւ այս գիրքը հրատարակելով՝ մենք ընկ. Ահարոնեանի տարիներու աշխատանքը եւ երազը իրականացուցինք շնորհիւ Շրջանային վարչութեան նիւթական աջակցութեան», ըսաւ ան։


Գիրքին սրբագրիչ Նազիկ Գոճայեան ապրումով կարդաց այդ գիրքէն պատառիկներ։
350 էջնոց այս գիրքը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ, ունի 127 գլուխներ, որոնց մէջ հեղինակը տուած է այս կուսակցութեան նախակարապետը հանդիսացող Արմենական կուսակցութեան, ՌԱԿի հիմնադրութեան՝ 1921ին, եւ անոր յաջորդող 100ամեակի պատմութիւնը։ Հոն կը կարդանք մեր ժողովուրդի վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, ազգային միաւորներու, կուսակցական համագումարներու, ՌԱԿ-ՀԲԸՄ, ՌԱԿ-ԹՄՄ եւ հայրենիքի հետ ունեցած աշխատանքները։ Նախորդ խօսողներուն նման դոկտ. Գոճայեանի խօսքը ընդունուեցաւ երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութիւններով։
Այդ օր իր գեղեցիկ ձայնով եւ կատարումով ներկաները հմայեց գաղութիս ծանօթ երգչուհի Սիւզի Մազմանեան՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ դոկտ. Իզապէլ Գայայեանի՝ կատարելով «Հաւուն Հաւուն» շարականը եւ «Անուշ» օփերայի «Ասում է Ուռին» երգերը եւ արժանացաւ երկարատեւ ծափահարութեան։
Խօսք առին ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան բազմամեայ անդամ, Շրջանայինի նախկին ատենապետ Փանիկ Քէշիշեան (հայերէնով) եւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ իրաւաբան Թամար Փօլատեան Փերոն (անգլերէնով)։ Անոնք Ահարոնեանի ընտանեկան եւ կուսակցական շատ մօտ անհատներ ըլլալով՝ խօսեցան անոր հետ ունեցած յիշատակներուն եւ անոր տարած բեղուն գործունէութեան մասին, խորապէս գոհ ձգելով ներկաները։
Սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ԹՄՄի Արեւմտեան շրջանի վարիչ քարտուղարուհի Մայտա Քիւրէճեան, որ մօտէն ծանօթ է Ահարոնեան ընտանիքին, Պէյրութէն, եւ կոչ ուղղեց Արայի տիկնոջ եւ զաւակներուն, որ շարունակեն անոր պատուաբեր գործը։
Խօսք առաւ նաեւ Կլենտէյլի սիրուած եւ յարգուած քաղաքապետ Արտի Քասախեան, որ խօսեցաւ Արային հետ ունեցած գործակցութեան մասին եւ իր խորունկ յարգանքը մատուցելէ ետք՝ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ահարոնեան, Կանիմեան եւ Տեփանեան ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։
Իր կարգին, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեան յիշեց, թէ ինչպէս ինք Արան նշանակած է Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի յանձնախումբերէն մէկուն մէջ, ուր ան կատարած էր այդ պաշտօնը մեծ գիտակցութեամբ եւ նուիրումով։
Իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթիօ յիշեց, թէ որքան մօտ էր Արային հետ, անոր հետ տարած աշխատանքի օրերէն ան քանի մը դրուագներ պատմեց, ապա ցաւակցութիւն յայտնեց Արայի տիկնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ ՌԱԿի անդամներուն։
Խօսք առաւ Ահարոնեանի դուստրը՝ Ռիթա Ահարոնեան Սարուխանեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն՝ իր հօր համար կազմակերպուած նման յուշ երեկոյին եւ հատորին հրատարակութեան համար եւ իր, իր մօր, եղբօր, հօրաքրոջ՝ Կանիմեան ընտանիքին, եւ Տեփանեան ընտանիքներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրահը լեցնող հոծ բազմութեան։


Ահարոնեան ոչ միայն այս գիրքին, այլ չորս այլ գիրքերու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ տաղանդաւոր երգիչ մըն էր։
Այդ գիշեր ցուցադրուեցան Արա Ահարոնեանի արձանագրուած երկու երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեան։
Ելոյթ ունեցաւ Ահարոնեան ընտանիքին մօտ ընկեր եւ տարիներու աշխատակից Դաւիթ Սամուէլեան, որ երկու երգեր երգեց՝ «Տուն Մեր Հայրենի», որ առաջին անգամ հնչեց այդ գիշեր, եւ Արային սիրած «Տարիները Անցան», արժանանալով ներկաներուն բարձրաձայն «պրաւօ»ներու եւ ծափահարութեան։
Վերջաւորութեան խօսք առաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան, որ Արային մասին կարճ խօսքէն ետք, իր գլխաւորած յանձնախումբի անդամներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ «Ընկ. Արա Ահարոնեան ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, բայց ան մեզի հետ է իր ընտանիքով, զաւակներով, հարազատներով եւ մանաւանդ իր հատորներով ու ծառայութեամբ», ըսաւ ան։
Ապա Ճանոյեան հրաւիրեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանը եւ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը, որոնք իրենց սրտի խօսքով եւ աղօթքով փակեցին ձեռնարկը։
Ներկաները հրաւիրուեցան շատ ճոխ հիւրասիրութեան, որ տրամադրուած էր տէր եւ տիկ. Շահէ եւ Արփի Կանիմեաններուն եւ անոնց զաւակուններուն կողմէ (Արփի Կանիմեան քոյրն է հանգուցեալ Արային)։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։