Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ երկու դիրքերու վրայ Չորեքշաբթի օր կատարուած հրթիռային յարձակումներէ ետք ամերիկացի 3 զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող երկու կամ երեք կասկածելի զինեալներ սպաննուած են հրթիռներով յարձակումին ամերիկեան հակադարձութեան պատճառով:
Սուրիոյ մէջ տեղակայուած են 900 ամերիկացի զինուորներ:
Յիշեցնենք, որ Երեքշաբթի օր ամերիկեան օդուժը հարուածած էր Տէր Զօրի մէջ իրանեան աջակցութիւն վայելող խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող կառոյցները` հակադարձելով շաբաթ մը առաջ ամերիկացի զինուորներու վրայ յարձակումներուն։ Ըստ Ուաշինկթընի՝ այդ յարձակումները իրականացած էին իրանեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերով: