Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան շարունակական ընթացքը հայրենի հողերը յանձնելու մեր թշնամիին՝ Ատրպէյճանին:
Այս բոլորին պատճառով, Արցախի մեր հայրենակիցները պարտադրուած են լքելու մեր պապենական հողը եւ իրենց տուները` խորացնելով 2020ի Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ի վեր սկսած մարդասիրական տագնապը:
Այս իրականութիւնը խոր ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ բոլորիս, սակայն կը վստահինք հայ ժողովուրդի ուժին եւ կամքին՝ տէր կանգնելու մեր հայրենիքին ու իրաւունքներուն:
Ինչպէս միշտ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը թիկունք կը կանգնի մեր հայրենակիցներուն եւ շրջանս կառչած կը մնայ յառաջ տանելու մարդասիրական աշխատանքներ՝ օժանդակելու մեր ժողովուրդին եւ իր կարիքներուն:
Արցախը Հայաստան է:
ՀՕՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ