ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի գիշեր, միաձայնութեամբ վաւերացուց հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքին եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին միջեւ քոյր-քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատող բանաձեւը:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս «Արտի» Քասախեանի կողմէ Յունիսին ներկայացուած բանաձեւին ի նպաստ քուարկեցին քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամները՝ Արա Նաճարեան, Էլեն Ասատրեան, Տեն Պրոթմըն եւ Փօլա Տիվայն։
Քննարկումին ընթացքին, բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցան նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Էտուըրտ Պարսումեան եւ երիտասարդական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Թոնի Օրտուխանեան, յայտնելով, թէ յոյս ունին, որ այս որոշումին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ աջակցութեան ձեռք երկարել Արցախի ժողովուրդին, դէմ դնել ցեղային մաքրագործման ջանքերուն եւ սերտացնել երկու քաղաքներուն միջեւ մշակութային կապերը։ Անոնք նաեւ դատապարտեցին Արցախի բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ հայկական հետքերը ջնջելու նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համակարգուած ջանքերը։
Բանաձեւին քննարկումին ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները շեշտեցին, թէ քոյր քաղաքներու յարաբերութեան միջոցաւ պէտք է նաեւ նպաստել Մարտունիի տնտեսական զարգացման, քաղաքին եւ ամբողջ Արցախի հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի եւ Արցախի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման։
(Քաղուած Թոնի Օրտուխանեանի թղթակցութենէն)