ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ մէջ, խումբ մը մտաւորականներ տարածեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ թրքական իշխանութիւնները յորդորելով քայլերու ձեռնարկել եւ բացայայտել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ 2016ին ծրագրուած եւ չիրագործուած մահափորձի ծրագիրը:
Շաբաթներ առաջ, թուրք փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճեն իր ընկերային ցանցերու էջերէն մէկուն վրայ գրեց, թէ Թուրքիոյ յատուկ ջոկատային ուժերու նախկին գնդապետներէն մէկը տակաւին 2016ին, Փայլանը սպաննելու ծրագիր ունեցած է, սակայն անիկա չէ իրականացած:
Հայ երեսփոխանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան, բայց պատկան մարմինները տակաւին ընթացք չեն տուած գործին:
Փայլանի հաղորդումէն ետք, Ինճեն այլ հրապարակում մը կատարեց «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ գրելով. «Պատգամաւորը խորհրդարանին մէջ երկու անգամ թիրախ դարձած է, սակայն հրաժարած են սպաննել զայն, որպէսզի հերոս չդառնայ»:
Փայլանին աջակցող յայտարարութիւնը ստորագրած 424 անձեր, որոնց կարգին գրողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ, իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին կառավարութեան, քաղաքական կառոյցներուն եւ ամբողջ Թուրքիոյ՝ քայլերու ձեռնարկելու խորքային պետութեան եւ մաֆիական ուժերու դէմ եւ բացայայտելու Փայլանի մահափորձի ծալքերը:
«Այս մութ ուժերուն անխոհեմութիւնը կ՛ամրապնդէ այն, որ անոնք վստահ են, թէ պիտի չենթարկուին քրէական պատժամիջոցներու, նոյնիսկ եթէ կրնան սպառնալ բոլորին: Այս վստահութիւնը ուժ կը ստանայ ներկայի քաղաքական մթնոլորտէն: Այս մթնոլորտը պէտք է անյապաղ փոխուի»ջ, կը շեշտուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: