ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոս 2022ին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:
Նիստին մասնակցեցան Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»ի եւ «Զարթօնք»ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով՝ Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:
Օրակարգի կէտեր նկատի առնուած էին.
– Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում.
– Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում.
– Յառաջիկայ Համահայկական համաժողովի թուականի ճշդում.
– Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր.
– Երիտասարդ լրագրողական մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու նախագիծերու ներկայացում:
Ժողովը որոշեց յառաջիկայ համաժողովը կազմակերպել 2023ի գարնան: Համաժողովին վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2022ին: