ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Հայաստան» դաշինքը յայտարարեց, որ իրենք որեւէ կապ չունին իրենց նշանակով Երեւանի մէջ տարածուած թռուցիկներուն հետ: 21 Օգոստոսին, անցորդներէն շատեր մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ նկատեցին թռուցիկներ, որոնց վրայ հայատառ գրուած է՝ «Ղրիմը Ռուսաստան է», «Լուգանսկը Ռուսաստան է», «Արցախը թող լինի Ռուսաստան» եւ այլն:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ ասիկա նոր քարոզչական սադրանք է: «Կազմակերպուածութիւնը, տպագրութիւնը, տպագրութեան որակը, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդանիշն օգտագործելը շատ լաւ կազմակերպուած սադրանք էր, սադրանք «Հայաստան» դաշինքի, խորհրդարանի «Հայաստան» խմբակցութեան եւ ընդդիմութեան դէմ», յայտնեց Մանուկեան:
Ան չուզեց անդրադառնալ թռուցիկներու բովանդակութեան՝ յայտարարելով, որ այդպիսով սադրիչներ պիտի հասնին իրենց նպատակին եւ զիրենք պիտի ներգրաւեն կեղծ օրակարգի մէջ: «Յիմարութիւններ էր գրած, կարծում եմ, որ այս օրերին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքում ընդհանրապէս Ռուսաստանի Դաշնութեան, ռուս խաղաղապահների նկատմամբ դիրքորոշման, աշխարհաքաղաքական այս զարգացումներում սադրանքի փորձեր՝ կեղծ օրակարգերի մէջ ներքաշելու ու նաեւ թիրախաւորելու ընդդիմութեանը», ըսաւ Մանուկեան:
Ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբէն ի վեր պաշտօնական Երեւան յստակ դիրքորոշում կամ աջակցութիւն չյայտնեց որեւէ կողմի, ընդդիմադիրները եւս խուսափեցան յստակ գնահատականներ տալէ:
Ընդդիմադիրները ճիշդ չնկատեցին իրենց կասկածներուն մասին յայտարարել՝ նշելով, որ իրենց սեփական ուժերով հաւաքած են իրենց հանդիպած թռուցիկները ու կը սպասեն իրաւապահներու արձագանգին:
«Որեւէ մէկն իրաւապահներից չի հետաքրքրուել, կարծում եմ, տրամաբանական կը լինէր, որ արդէն հետաքրքրուէին, որովհետեւ խօսքը վերաբերւում է խորհրդարանական ամենամեծ ընդդիմադիր խմբակցութեանը, խօսքը վերաբերում է այս լուրջ, յատկապէս այս լարուած մթնոլորտում, Ռուսաստանի արտգործնախարարութեան նոտայի, այս պայմաններում նման սադրանք կազմակերպելուն: Եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը փոխանակ Նիկոլի յիմարագոյն յանձնարարութիւնները կատարելուն, պէտք է անհանգստանար նման վտանգաւոր սադրանքով», յայտնեց Մանուկեան:
Ոստիկանութեան լրատուական բաժինէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ դէպքին առիթով հաղորդում չեն ստացած, հետեւաբար այս գծով ոեւէ ուսումնասիրութիւն չկայ: