Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարանները լայն բացին իրենց դռները՝ ողջունելով 2022-2023 կրթական տարեշրջանը եւ բարի գալուստ մաղթեցին սիրասուն աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք հաւատալով Ազգային վարժարանի հայակերտման եւ մարդակերտման միաձոյլ առաքելութեան՝ հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային գիտելիքներու դարբնոց բերին իրենց մատղաշ զաւակները, որպէսզի Ազգային վարժարաններու մէջ անոնք թրծուին հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ ու երբ մեծնան՝ համայնքին եւ ազգին պատիւ բերող ղեկավարներ ու գործունեայ տարրեր դառնան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, այս առիթով ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան եւ սրտագին մաղթանքներ ուղղեց աշակերտներուն՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ նոր՝ 2022-2023 կրթական տարեշրջանը նաեւ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան համար ըլլայ հեզասահ, առողջ եւ յաջող, լեցուն՝ անմոռանալի ու քաղցր յիշատակներով:
Իր խօսքին ընդմէջէն ան նաեւ գնահատեց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ Ուսումնական մարմին, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, աշակերտներ եւ ծնողներ՝ նշելով, որ Ֆերահեան վարժարանը անքակտելի մասնիկն է Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ՝ ըսելով, որ կրթական ազգային այս հաստատութիւնը ներկայիս կը թեւակոխէ ընդարձակման ու վերակազմակերպման, արդիականացման ու փայլուն հեռանկարներով լեցուն նոր հանգրուան, ապա յաւելեալ ուժ, խանդ եւ համբերութիւն մաղթեց պաշտօնէութեան ու մշակներուն, որպէսզի գործեն անխափան եւ տարուէ տարի աճող ու բազմացող հայ աշակերտութեան դպրոցական այնքան կենսական տարիները լեցնեն ամբողջ կեանքի մը համար պիտանի գիտելիքներով, բարոյական եւ ազգային արժէքներով ու մանաւանդ՝ իրենց եկեղեցւոյ ու վարժարանին տէր ու թիկունք կանգնելու գիտակից նախանձախնդրութեամբ:

Եզրափակելով, առաջնորդ սրբազանը գօտեպնդեց բոլոր այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ոչ միայն կը վստահին Ազգային վարժարաններու, այլեւ իրենց ներկայութեամբ, կեցուածքով ու օժանդակութեամբ ընդգծելի նպաստ կը բերեն՝ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի ծաղկումին եւ մասնաւորապէս եկեղեցի-վարժարան կապի առաւել սերտացման ու արդիւնաւորման:
Հուսկ, Թորգոմ եպիսկոպոսը աղօթքով դիմեց առ բարին Աստուած, որ անսասան պահէ աշխարհի հայկական վարժարանները եւ համայն հայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ