Շուէտ եւ Ֆինլանտա մինչեւ հիմա չեն բաւարարած արտայանձնման հարցին մէջ Թուրքիոյ պահանջները. Անգարայի սպասումներուն համապատասխան պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային այդ երկիրներուն` ՆԱԹՕին անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի արգելակուի: «Արմէնփրես»ը, յղում կատարելով թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին՝ կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ:
«Թուրքիոյ դրական որոշումը չի նշանակեր, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕի անդամակցութեան հոլովոյթը աւարտած է: Անիկա հոլովոյթի նախաձեռնումի կամք է: Եթէ համաձայնագիրին մէջ Թուրքիոյ տրուած խոստումները կատարուին, Թուրքիա իր խօսքը պիտի յարգէ: Եթէ դուք ընէք այն, ինչը խոստացած էք, մենք «այո» պիտի ըսենք անդամակցութեան: Հակառակ պարագային հոլովոյթը պիտի արգելակուի: Մինչեւ հիմա Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կառավարութիւնները չեն բաւարարած արտայանձնման հարցին մէջ Թուրքիոյ պահանջները` Թուրքիոյ սպասումներուն համապատասխան… Անոնց կողմէ արտայանձնուած մարդը կապ չունի ահաբեկչական յանցագործութիւններու հետ», ըսաւ Պոզտաղ: