Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ թուրք իսրայէլեան յարաբերութիւններու կարգաւորումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվըն:
«Ես կ՛ողջունեմ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ այսօր հրապարակած յայտարարութիւնները, որոնցմով երկու երկիրները ամբողջութեամբ կը վերականգնեն իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները», գրած է Սալըվըն:
«Այս քայլը յաւելեալ ապահովութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի պարգեւէ թէ՛ երկու ժողովուրդներուն, թէ՛ ամբողջ շրջանին», կ՛ըսէ Սալըվըն:
Դիւանագիտական յարաբերութիւնները իր ամբողջական մակարդակին վերադարձնելու մասին Երեքշաբթի նախ յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետի աշխատակազմը, որմէ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաստատեց տեղեկութիւնը` նշելով, որ Անգարա որոշած է Իսրայէլի մէջ դեսպան նշանակել:
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սառած էին 2010ին, երբ Կազայի իսրայէլեան պաշարումը խզել փորձող տորմիղի մը մաս կազմող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուած էր: Յարձակումին պատճառով 10 թուրքեր մահացած էին: