
Ղպտի եկեղեցին ընկերային ցանցերու վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ յղում կատարելով Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան, եւ հաղորդեց, որ Եգիպտոսի Կիզա նահանգի Ըմպապա շրջանի Սուրբ Ապու Սայֆէյն եկեղեցւոյ մէջ սկսած հրդեհին պատճառով արձանագրուած են 41 զոհեր: Ղպտի եկեղեցին յայտարարեց, որ զոհերու շարքին է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:
Նախքան այդ, ապահովական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, որ հրդեհին պատճառով 35 զոհեր եւ 45 վիրաւորներ արձանագրուած են:
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ եկեղեցւոյ մէջ տարածուած թանձր ծուխը արձանագրուած մահերուն ու վէրքերուն գլխաւոր պատճառն է` աւելցնելով, որ Կիզայի եկեղեցւոյ մէջ ծագած հրդեհին պատճառը օդափոխիչներէն մէկուն մէջ ելեկտրական խանգարումն է:
Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ եկեղեցւոյ մէջ սկսած հրդեհին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է եւ անոր արդիւնքները պիտի յայտարարէ:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի եկեղեցւոյ «ցաւալի դէպքի զարգացումներուն» եւ պետութեան առնչակից բոլոր մարմիններուն ցուցմունք տուած է՝ պէտք եղած բոլոր քայլերը որդեգրելու եւ անմիջապէս լուծելու այս դէպքը եւ հետեւանքները, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն առողջապահական ամէն տեսակի խնամք տրամադրելու: