
Հայ Կեանք
ԽԱՐԲԵՐԴԻ ՀԱՅԵՐԸ
Պոլսոյ թերթերը կը գրեն, թէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տեղական մարմինը որոշեր է Խարբերդի շրջանի որբանոցներուն որբերու եւ պաշտօնեաներու հարիւրին 20ը հանել։ Միայն Խարբերդի մէջ, բացի Մալաթիայէն եւ Արաբկիրէն, կան 6000 որբեր։ Այս հաշուով, 600ի մօտ որբեր դուրս պիտի ձգուին եւ տեղական վերապրողներու կացութիւնը աւելի պիտի գէշնայ։ Մեզրէի եպիսկոպոսը այդ առթիւ Խարբերդ երթալով տեսակցեր է Նպաստամատոյցի տեսուչին հետ։ Տեսական իշխանութիւնները թոյլ չեն տար, որ հայերը տեղափոխուին, այնպէս որ կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է։
ԿԵԱՆՔԸ ԱՖ. ԳԱՐԱՀԻՍԱՐԻ ՄԷՋ
Բարգաւաճ եւ բերրի Գարահիսարէն բան չէ մնացեր, կարծես աւերիչ խորշակ մը եկեր անցեր է անկէ. ասոր վրայ աւելցուցէք խոշոր հրդեհի մը կողմէ գրեթէ ամբողջ շուկային լափլիզումը, ու արդէն պատկերը կատարեալ կ՛ըլլայ։
Ամէն բանի սղութիւն կը տիրէ հոս։ Ուտելիքի եւ մանրավաճառութեան վրայ տենդոտ գործառնութիւն կայ. տեղական մրգեղէն եւ բանջարեղէն գոյութիւն չունի։ Ամէն տեսակ ուտելիք դուրսէն կը հայթայթուի։
Նախքան ընդհանուր պատերազմեան շրջանը, 1800աւոր հաշուող հայութենէն հազիւ 45 տուն մնացած է, որոնց մէջ այր ըլլալով 654 ծերեր կան միայն։ 930 երիտասարդներ քէմալիստներու ձեռքով ժամանակին ասկէ աքսորուած են, իսկ վերջին դէպքերուն առթիւ ալ 300 ընտանիքներ հեռացած են։
Ազգային գեղեցիկ եւ շէն դպրոցը քէմալականներուն օրով աւերումի ենթարկուած է։ Մանկապարտէզը այսօր դպրոցի տեղ կը ծառայէ, ուր 300 երկսեռ փոքրիկներ, ուսուցչուհիի մը եւ երեք օգնականներու ձեռքին տակ, կը դաստիարակուին։ Եկեղեցին ունի բաւական հասութաբեր կալուածներ, սակայն անոնցմէ միայն բաղնիքին ամսական 150 ոսկիի վարձքը դպրոցին յատկացուած է, միւս գումարները տեղացի աքսորուածներուն իբր նպաստ ղրկել հարկ դատուած ըլլալով։
Օգոստոս 15, 1922, թիւ 879