ԵՐԵՒԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. անդրադարձան Կիրակի, 14 Օգոստոսին, «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին:

«Սրտի խոր ցաւով ենք հետեւում «Սուրմալու» առեւտրի կենտրոնում տեղի ունեցած պայթիւնի ողբերգական հետեւանքներին: Ի խորոց սրտի աղօթում ենք զոհերի հոգիների խաղաղութեան ու հանգստութեան համար, Սուրբ Հոգու սփոփանքն ու մխիթարութիւնը հայցում նրանց ընտանիքներին եւ հարազատներին: Այլեւ աղօթում ենք բոլոր վիրաւորների արագ ապաքինման համար՝ մաղթելով Տիրոջ խնամքն ու զօրակցութիւնը: Թող Բարձրեալն Աստուած օգնական եւ պահապան լինի մեր Երկրին եւ ժողովրդին», յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Երկուշաբթի, 15 Օգոստոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին, որուն պատճառով զոհուեցան հայորդիներ, արձանագրուեցան անհետ կորսուածներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Միաբան հայրերը իրենց ցաւը եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն եւ իրենց աղօթքը վերառաքեցին առ Աստուած, որ լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ զոհուածներուն հոգիները, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ ուժ ու համբերութիւն տայ մեր հայրենակիցներուն: