
Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նորոգութենէն ետք, տարի մը առաջ` 28-29 Օգոստոս 2021ին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ օծումը Պոլսոյ Սահակ Բ. պատրիարքին ձեռամբ:
30-31 Յուլիս 2022ին, Սահակ պատրիարքին օրհնութեամբ՝ նախկին մալաթիացիներ, նախաձեռնութեամբ Մալաթիա Հայտէր հայրենակցական միութեան՝ կազմակերպեցին ուխտագնացութիւն մը դէպի Մալաթիա:
Ուխտագնացութեան առթիւ պատրիարքական աթոռի Հրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժիններու տեսուչ Յովակիմ աբղ. Սերովբեան, ընկերակցութեամբ Կարապետ կսրկ. Եոնթանի եւ Ղազար կսրկ. Սապունճուի՝ 30 Յուլիսին ժամանեց Մալաթիա: Անոնք հիւրասիրուեցան Մալաթիա Հայտէր հայրենակցական միութեան ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի կողմէ եւ շրջեցան քաղաքի պատմական շուկան եւ երբեմնի հայկական շրջանները:
Երեկոյեան, հայր սուրբը եւ իրեն ընկերակցողները առաջնորդուեցան Մալաթիոյ «Վէնք» կոչուած վայրը, որ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքի մնացորդացն է, եւ ուր տեղի ունեցաւ աղօթք: Վանքի 1670ական թուականներու մատուռը տեղւոյն քաղաքապետ Սելահէտտին Կիւրքանի նախաձեռնութեամբ նորոգութեան ենթարկուած էր:
Նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուեցաւ սիրոյ սեղան բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ:

1 Յուլիսին, Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի-Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոնին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Օրուան պատարագիչ Յովակիմ աբղ. Սերովբեան իր քարոզին մէջ բացատրեց պայծառակերպութեան դէպքը եւ խորհուրդը` յատկապէս անդրադառնալով լոյսի ու պայծառակերպուելու գաղափարներուն վրայ:
Գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան Մալաթիոյ հայ համայնքին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Սահակ պատրիարքին, որ հայրական հոգածութիւն ցոյց կու տայ գաւառի փոքրաթիւ համայնքներուն, այս պարագային` Մալաթիոյ համայնքին:
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մալաթիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն եւ հոգեւոր սպասաւորներուն հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ուղղուեցան Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատունը, ուր Յովակիմ աբղ. Սերովբեանի գլխաւորութեամբ՝ կատարուեցաւ մասնաւոր կարգ` Մալաթիոյ հայ համայնքի ննջած բոլոր անդամներու հոգիներուն համար: