

Կազմակերպութեամբ Հայ գրականութեան միջազգային միութեան՝ տեղի պիտի ունենայ հայ գրականութեան եւ թարգմանական միջազգային մրցանք մը, որուն մրցանակակիրները 2500ական տոլար պիտի ստանան:
Թարգմանական մրցանքին կրնան մասնակցիլ կին գրողի մը հայերէն ստեղծագործութիւնը անգլերէնի թարգմանողները։ Մինչ նախընտրութիւնը պիտի տրուի 20րդ դարուն եւ անկէ ետք գրուած գործերու, սակայն պիտի ընդունին նաեւ այլ ժամանակներէ գործերու թարգմանութիւնները, նպատակ ունենալով հայ գրականութիւնը անգլիախօս զանգուածին ծանօթացնել։
Այս մրցանքին դատական կազմին անդամներն են՝ Տաթեւիկ Այվազեան, Գագիկ Ստեփան Սարգիսեան եւ Կարէն Թորիկեան։
Գրական մրցանքին կրնան մասնակցիլ այն հեղինակները, որոնք երեւակայական ստեղծագործութիւն մը սկսած են գրել եւ զայն վերջնականացնելու ընթացքին մէջ են։
Այս մրցանքին դատական կազմին անդամներն են՝ Ռաֆֆի Վարդանեան, Ալին Օհաննէսեան, Այտա Զիլելեան եւ Նենսի Աղապեան։
Համագործակցութեամբ Հայկական հիմնարկին, «Մաշտոց» հրատարակչատան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան` մրցանակակիր գործերը պիտի հրատարակուին։
Երկու մրցանակներուն գումարը առատաձեռնօրէն կը տրամադրուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Հայկական արուեստներու միութեան (Armenian Allied Arts Association) կողմէ։
Ստեղծագործութիւնները կամ թարգմանութիւնները պէտք է յանձնուին 1-30 Սեպտեմբերի միջեւ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.armenianliterary.org կայքը կամ դիմել olivia@armenianliterary.org հասցէին: