Միացեալ Նահանգներու եւ Հնդկաստանի զինեալ ուժերը Հոկտեմբերին, Հնդկաստանի Ութարախանտ նահանգին մէջ միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»ը` վկայակոչելով հնդկական բանակի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը: Կայանը կը նշէ, որ նահանգը կը գտնուի վիճելի տարածքի մը մօտ, ուրկէ կ՛անցնի Հնդկաստանի եւ Չինաստանի սահմանը:
Ըստ աղբիւրին՝ ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ:
Այս մասին Փենթակոնը «Սի.Էն.Էն.» ին յայտնեց որ «ազատ եւ բաց Հնդկախաղաղովկիանոսեան շրջանի իր ընդհանուր տեսլականին մէջ Հնդկաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը «կարեւորագոյն տարրերէն մէկն է»: