ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Երգող Հայաստան» մանկապատանեկան երգչախումբերու եւ անհատ կատարողներու 2րդ հանրապետական մրցոյթ-փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15էն մինչեւ Դեկտեմբեր 10: Այս մասին Նոյեմբեր 1ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Կարինէ Խոդիկեան եւ նշեց, որ փառատօնի նպատակն է նպաստել երգչախմբային արուեստի զարգացումին, հայ դասականներու խմբերգային ստեղծագործութիւններու քարոզչութեան, նաեւ դպրոցներուն եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն առընթեր երգչախումբերու գործընթացը խթանել:
Մրցոյթ-փառատօնը տեղի պիտի ունենայ երկու փուլով. առաջին փուլը մարզերուն մէջ Նոյեմբեր 15-30ին, իսկ երկրորդը՝ Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեր 1-10ին: Փառատօնի եզրափակիչ համերգը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 15ին: