ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8-9 Օգոստոս լուսցող գիշերը, նաեւ 9 Օգոստոսի օրուան ընթացքին, շփման գիծին մէջ, հակառակ յամեցող լարուածութեան, յարաբերականօրէն կայուն իրավիճակ կը տիրէ:
Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Որոշ հատուածներում ադրբեջանական զինուժի ստորաբաժանումները կրկին խախտել են հրադադարի պահպանման ռեժիմը` կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ: Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ միասին շարունակում են քայլեր ձեռնարկուել իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: